Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Քոնելլին

Զօր. Քահուաժի եւ Քոնելլի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ

քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ զօր. Քահուաժին շնորհաւորեց իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումին առիթով:

Հանդիպումէն ետք Քոնելլի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն ամրապնդման:

Քոնելլի շեշտեց, որ բանակը` իբրեւ Լիբանանի միակ օրինական զինեալ ուժերը, պատասխանատու է երկրին սահմաններուն, ինչպէս նաեւ անկախութեան եւ գերիշխանութեան պաշտպանութեան:

Քոնելլի դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Քոնելլի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու:

Քոնելլի հաստատեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )