Միքաթի Ուահապի Հետ Քննարկեց Տարայայի Միջադէպին Վերաբերող Հարցեր
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց Տարայայի միջադէպին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ օտարներու կողմէ Իքլիմ Խարրուպի մէջ նիւթուող դաւադրութիւնը ապահովական զգաստութեան կը հրաւիրէ:
Ուահապ շեշտեց, որ Տարայա ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի ծննդավայրն է եւ պէտք է արթուն մնալ ու ապահովական կառոյցներուն պարտականութիւնն է իրենց աշխատանքը լիովին կատարել` նկատի ունենալով, որ ամբողջ շրջանը ապահովական իմաստով վտանգներու դէմ յանդիման կը գտնուի:
Ուահապ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ 50, 60 կամ 100 այլ «նոր Տարայա»-ներ չբացայայտուին, իսկ զանոնք բացայայտողները արկածներ կամ զուգադիպութիւններ չըլլան:
Ուահապ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական զգաստութիւնը պէտք է մնայուն կերպով առկայ ըլլայ:
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին ներկայ իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա:


