Տարայայի Բջիջին Պարտականութիւնն Էր Ահաբեկչական Գործողութիւններ Կատարել

Տարայայի մէջ արձանագրուած միջադէպին մասին բացուած հետաքննութիւնները երէկ բացայայտեցին, որ ականներ պատրաստող այդ բջիջին պարտականութիւնն էր ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել` թիրախ դարձնելով երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուած Տարայայի բջիջին այլ անդամները հարցաքննութեան ընթացքին հաստատեցին վերոնշեալ իրականութիւնը:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր ամբաստանեց զանոնք եւ թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական ատեան, որ կը շարունակէ հարցաքննել զանոնք:

Հետաքննութեան զուգահեռ ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ այս բջիջէն պահանջուած պարտականութիւններն էին բանակը եւ անոր կեդրոնները թիրախ դարձնող մարտավարական ահաբեկչութիւններ կատարել` գործակցելով պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական շարժումի անդամներուն հետ:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, ահաբեկչական արարքներուն կողքին բջիջը ունէր նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ սպաննելու պարտականութիւնը:

Ապահովական աղբիւրները հաստատեցին, որ ահաբեկչական այս շարժումները ներքին եւ արտաքին հովանաւորութիւն կը վայելեն` աւելցնելով, որ պէտք է հետաքննութիւնը շարունակել` բացայայտելու համար այս կազմակերպութիւններն ու բջիջները ֆինանսաւորելու աղբիւրները:

Նոյն աղբիւրները յայտնեցին նաեւ, որ նման շարժումներու անդամ ահաբեկիչներ կը գտնուին նաեւ Արսալի, Թրիփոլիի ու Այն Հելուէի մէջ եւ կը ջանան Լիբանանի մէջ Ժապհաթ Նուսրա մը հիմնել եւ սկսիլ զինուորական մարզումներուն` Քայիտայի զինուորական կառոյցին հիման վրայ:

Ապահովական աղբիւրները շեշտեցին, որ Լիբանանի մէջ Քայիտա գոյութիւն ունի եւ ճիգ չի խնայուիր Լիբանանը ժիհատի բեմ դարձնելու:

Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Տարայայի դէպքին հարցով շրջանի մզկիթին իմամը` Ահմետ Տախախինի ձերբակալուած է, նկատի ունենալով, որ ականներ պատրաստող զոհերէն մէկը անոր զաւակն էր, որ նաեւ Ահմետ Ասիրի ընկերակիցներէն եղած է:

Երէկ կէսօրին Տախախինիի միւս զաւակը` Մոհամետ Ահմետ Տախախինի, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր, մահացաւ Մազպուտ հիւանդանոցին մէջ:

Ըստ հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն, տակաւին կարելի չէ եղած փաստեր գտնել Տարայայի բջիջին եւ Ահմետ Ասիրի միջեւ կապերուն մասին, սակայն շէյխ Տախախինիի հարցաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի:

Նշենք, որ Տարայայի քաղաքապետը յայտնեց, որ Տախախինի եգիպտացի շէյխ մըն է, եւ ոչ թէ Տարայայի մզկիթին իմամը. ան ըսաւ, որ Տախախինի Տար Ֆաթուայի հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Տարայայի միջադէպին առումով բացուած հետաքննութիւնը տակաւին ոչ մէկ արդիւնքի յանգած է:

Իր կարգին, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Տարայայի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպը դատապարտելի է` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ նման ահաբեկչական բջիջներու գոյութիւնը ոչինչ եւ ոչ ոք կրնայ արդարացնել:

Քըրթպաուի յայտնեց, որ ապահովական կառոյցներն ու դատական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` կատարելու համար իրենց պարտականութիւնները, երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

ՀԱՐԿ է աւելցնել, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Ռաշայայի Այհա գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց սուրիական բանակի երկու անդամներ` Մոհամետ Հաժին եւ Հիքմաթ Իտրիսը, որոնք սահմանային ապօրինի անցքերով հասած էին Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )