Կրեկ Օտեն Կը Միանայ Մայեմիի

Կրեկ Օտեն

Ազատ խաղացողի իրավիճակ ունեցող Կրեկ Օտեն որոշեց պայմանագիր կնքել Մայեմի Հիթի հետ: Այս լուրը յայտնեց «ESPN.com»-ը: Սակայն պաշտօնական յայտարարութիւնը պիտի կատարուի այսօր:

Օտեն երկու տարուան պայմանագիր մը կնքեց Մայեմիի հետ եւ կ՛ըսուի, թէ ան առաջին տարեշրջանին պիտի ստանայ 1.03 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ երկրորդ տարեշրջանին` 1.14 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Յայտնենք, որ Օտեն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով 5 օգոստոս 2009-էն վեր դաշտ չէ ներկայացած:

Share this Article
CATEGORIES