Ռումինիկէ. «Պայերնը Այս Ամառուան Իր Փոխանցումներու Աշխատանքները Աւարտեց»

Քարլ Հայնց Ռումինիկէ

Պայերն Միւնիխի կառավարման խորհուրդի նախագահ Քարլ Հայնց Ռումինիկէ յայտարարեց, որ այս ամառ իրենք այլեւս փոխանցումներ պիտի չկատարեն: Այս լուրը կը փոխանցեն գերմանական լրատուական միջոցները:

Ան ըսաւ, որ Պայերնը այս վայրկեանին ունի այնպիսի կազմ մը, որ իրենք կ՛երազէին ունենալ:

Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ խումբը ձեռք ձգեց գերմանացի երիտասարդ խաղացող Մարիօ Կոյեցէն: Անոր կարծիքով, Կոյեցէ ներկայիս ամէնէն լաւ խաղացողներէն մէկն է:

Ան իր կարծիքը տուաւ նաեւ Ալքանթարայի մասին` ըսելով, թէ խումբի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա վստահեցուց խումբին այս խաղացողին կարողութիւններուն մասին եւ ինք վստահ է, որ խումբին պակաս մասնիկն էր Թիակօ Ալքանթարա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )