Ճատրակ. Սեւակ Մխիթարեան Ախոյեան Հանդիսացաւ
Պրազիլահայ կրանտմասթըր Սեւակ Մխիթարեան յաղթական դուրս եկաւ Ճատրակի միջազգային ազատ մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Պրազիլի Ռեժսիթրօ քաղաքին մէջ` 30 յուլիսէն մինչեւ 3 օգոստոս:
Մրցաշարքին մասնակցած էին վեց կրանտմասթըրներ, ութ միջազգային վարպետներ եւ եօթը ՖԻՏԷ-ի վարպետներ` Պրազիլէն, Արժանթինէն, Փարակուէյէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
Ինը խաղերէ ետք Մխիթարեան մրցաշարքը աւարտեց 7.5 կէտով եւ առանց պարտութեան նուաճեց ախոյեանի դիրքը` վեց յաղթանակով եւ երեք հաւասարութեամբ:
Պրազիլահայ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Արմէն Բրուտեան եւս մասնակցեցաւ նոյն մրցաշարքին եւ 5.5 կէտ հաւաքեց` ձեռք ձգելով երեք յաղթանակ, հինգ հաւասարութիւն եւ մէկ պարտութիւն:
CATEGORIES Մարզական

