«ԴԱՄԱՍԿՈՍԸ ՄԻՆԱԿ ՉԵՆՔ ՁԳԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Թուտէյզ Զաման»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց այն վարկածները, թէ Թուրքիա Սուրիոյ նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը փոխած է:

Անդրադառնալով Անտիոքի մէջ սուրիական ընդդիմութեան ժողովին` ան նշեց, որ Անտիոքի մէջ նոյն ատեն իշխանամէտ դէմքերու ժողով մը տեղի ունեցած է` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ վիրաւորական ազդակ մը գոյութիւն չունի, բոլորը կրնան Թուրքիոյ մէջ ժողով գումարել, եւ այդ մէկը կարելի չէ ազատ եւ ժողովրդավարական երկրի մը մէջ արգիլել:

Թուրք նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը սերտ կերպով կը գործակցի Սուրիոյ հետ յաղթահարելու համար այդ երկրին մէջ տիրող իրարանցումը: Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա սուրիացի հասարակութեան հետ «սիրոյ կապեր» հաստատած է, իսկ սուրիական վարչակազմին հետ` վստահութեան կապեր:

«Ասիկա կացութիւն մը չէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ կարելի է միաժամանակ ձեռք բերել: Կ՛ուզենք այս երկուքը պահել: Կ՛ուզենք սուրիացի ժողովուրդին սրտերուն մէջ մեր տեղը պահել եւ սուրիական վարչակազմին հետ վստահութեան վրայ հիմնուած մեր յարաբերութեան միջոցով նպաստել խնդիրներու լուծման», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, թէ սուրիացի ժողովուրդը քաղաքական մարզին մէջ յաւելեալ մասնակցութիւն կ՛ուզէ ու անկարելի է այդ փափաքը անտեսել ու հարցը ապահովութեան տեսանկիւնէն դիտել:

Share this Article
CATEGORIES