ՕԹԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹՐԻՓՈԼԻՆ ԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԷ
ՕԹԱՆ-ի օդուժէն ռմբաձիգներ Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի միջազգային օդակայանի շրջանին մէջ թիրախներ հարուածեցին: Մոամմար Քազզաֆիի կեդրոնատեղիին` Պապ Ազիզիա շրջանին մէջ երէկ առաւօտ չորս պայթումներու ձայներ լսուեցան, ապա քառորդ ժամ ետք պայթում մը եւս լսուեցաւ:
Թրիփոլի որոշ ատենէ մը ի վեր ամէնօրեայ գիշերային ռմբակոծման կ՛ենթարկուի: Քազզաֆիի վարչակարգը յայտնեց, որ 31 մարտէն (ՕԹԱՆ-ի գործողութիւններուն սկսման թուականը) մինչեւ 26 մայիս 718 քաղաքայիններ սպաննուած են եւ 4067 ուրիշներ վիրաւորուած:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հինգշաբթի օր Հռոմի մէջ յայտարարեց, որ Ռուսիա միջնորդութիւն կատարելու համար Թրիփոլի եւ Պենկազի կ՛ուղարկէ «յատուկ պատուիրակ» մը: Մետվետեւ այդ յայտարարութիւնը կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Իտալիոյ վարչապետին հետ եռակողմ հանդիպումի մը ընթացքին: Մետվետեւ խաղաղ լուծումի մը կարեւորութիւնը շեշտեց: