ՏՈՔԹ. ՃԵՔ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
Երէկ Միշիկընի Տիթրոյիթ քաղաքի «Ուիլիըմ Պոմոնթ» հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 83-ամեայ «բժիշկ մահը»` Ճեք Գէորգեան: Ան հիւանդանոցը կը գտնուէր թոքերու բորբոքումի եւ երիկամային հիւանդութեան ախտորոշումով:
Նշենք, որ Ճեք Գէորգեան «ողորմած մահ»ի համոզուած կողմնակից էր եւ կը պայքարէր անոր օրինականացման համար: 1990-էն 1998 թուականներուն ան օգնած է 130 հիւանդներու` կեանքէն հեռանալու համար:
Մեռելներու դիակները Գէորգեան կը ձգէր հիւրանոցներուն, հիւանդանոցներու ընդունարաններուն եւ դիահերձարաններուն մէջ:
Գէորգեանի դէմ մեղադրանքներ կարելի եղաւ առաջադրել միայն 1999-ին, երբ իրաւապահներուն ձեռքը անցաւ 52-ամեայ Թոմաս Եորքի մահուան տեսագրութիւնը: Ան դատապարտուեցաւ 10-25 տարուան բանտարկութեան, սակայն բանտին մէջ 8 տարի մնալէ ետք ազատ արձակուեցաւ առողջական վիճակին պատճառով:
«Բժիշկ մահ»ը հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստովանեցաւ, որ մահէն կը վախնայ:
2010-ին հրապարակուեցաւ «Դուք չէք գիտեր Ճեքը» ժապաւէնը, որուն մէջ Գէորգեանի դերը կատարեց հոլիվուտեան աստղ Ալ Փաչինօ: