ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՈՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ ՆՊԱՏԱԿՈՎ
Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը եռեւեփումի մէջ է այս օրերուն: Հանրապետութեան նախագահի յայտարարած համաներումէն ետք իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բաց եւ անուղղակի երկխօսութիւնը օրինականացնելու ակնկալութիւնը յայտնապէս երկուստեք մեծ է եւ ընդդիմադիր դաշտէն կայ աճապարանք երկխօսութեան սկսելու: Կը թուի, որ արդէն իսկ սկսուած երկխօսութեան հիման վրայ համաձայնութիւն ալ գոյացած է բանակցելու, որովհետեւ ընդդիմութիւնը (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել ՀԱՔ-ը) հրապարակած է արդէն իր բանակցային կազմը:
Ժողովրդավար հասարակարգերով ղեկավարուող երկիրներու պարագային իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութիւնը օրինաչափ երեւոյթ է: Անհրաժեշտ է դրական գնահատել Հայաստանի քաղաքական դաշտը բաղկացնող բոլոր քաղաքական ուժերուն միջեւ մնայուն երկխօսութիւնը, որ յամենայն դէպս միշտ չէ որ կը յանգի համագործակցութեան: Քաղաքական գործնականութեան մէջ անոնք տարբեր հասկացողութիւններ են:
Մինչեւ պաշտօնական երկխօսութեան սկսիլը (նկատի ունենալ ՀԱՔ-ի առաջնորդին յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, արդէն իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բաց երկխօսութեան մէջ են. եւ սա, միշտ ըստ իրեն, «մեր երազած պետութիւնն է»), օգտագործուած հռետորութիւնն ու վերագրումները ոճի յարափոփոխութիւն կ՛ընդգծեն եւ շատ մը հակասութիւններու տեղի կու տան: Հիմնականը անոնցմէ այն է, որ միեւնոյն ճառին մէջ ՀԱՔ-ի առաջնորդը մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ «այսուհետեւ եւս համարելու ենք, որ Հայաստանի իշխանական բուրգը ոչ օրինական, աւազակապետական, քրէասակաւապետական, թաթար-մոնկոլական համակարգ է, որն անհրաժեշտ է հիմնովին կազմաքանդել»: Միւս կողմէ կը շեշտէ, որ «Հայաստանում ստեղծուած է նոր քաղաքական իրավիճակ, որը հնարաւորութիւն է տալիս թէկուզ ամենասուր խնդիրները լուծել օրինական ճանապարհով: Մենք պատեհութիւն ունենք աշխարհին ապացուցելու, որ յիրաւի պետականութեան դարաւոր աւանդոյթներ ունեցող քաղաքակիրթ ժողովուրդ ենք»:
Այս երկու գաղափարներուն համատեղելիութեան ընկալումը դժուար է: Նման ուղղուածութեամբ երկխօսութեան առաջադրանքի արդիւնաւէտութիւնը առնուազն թէական կը թուի ըլլալ: Ի վերջոյ այս ձեւով եւ օգտագործելով Հայաստանի առաջին նախագահին բառամթերքը ՀԱՔ-ը պատրաստ է մոնկոլ-թաթարական, աւազակապետական եւ քրէասակաւապետական համակարգի ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսելու… քաղաքակիրթ պետութիւն ունեցած ըլլալու փաստը ցոյց տալու համար համայն աշխարհին:
Նման հակասութիւններ, ոճի եւ հռետորաբանութեան ետդարձներ կը նախանշեն, որ առաջադրուած երկխօսութիւնը քաղաքական նորարար մշակոյթ ձեւաւորելու կամ քաղաքակիրթ պետութիւն կերտելու նպատակը չեն հետապնդեր: Իշխանութիւն բաժնեկցելու, ընդդիմադիր դաշտը սեփականացնելու եւ ազգային ուժեր լուսանցքայնացնելու կը միտին աւելի քան` այն ինչ որ կը յայտարարուին:
Մանաւանդ որ իշխանութիւն բաժնեկցելու այս վարքագիծը առաւելներ շահելու համար կ՛օգտագործէ Ղարաբաղի խնդիրը, ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, չմոռնալով սեւացրէքեան քաղաքականութիւնը Դաշնակցութեան նկատմամբ:
Յանկերգը հին է, իսկ մատուցման ձեւը` նոր: Շուտով կը յստականայ, որ այս այն պատեհութիւնը չէ աշխարհին իբրեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ ներկայանալու: Այդ պատեհութիւնը այլապէս կը ներկայանայ, երբ մանաւանդ ժողովուրդը տէր կանգնելով իր քուէին իր կամքը պարտադրէ օրինական ճանապարհով: Մէկ կողմէն ինքնավերարտադրանքի մեքենայութիւններուն չենթարկուելով, միւս կողմէն ընդդիմադիր դաշտը սեփականացնելու մօտեցումները մերժելով:
Նման պարագայի է միայն, որ քաղաքակիրթ ժողովուրդի փաստը ցոյց տալու պատեհութիւնը օգտագործուած կ՛ըլլայ: