ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՃՇԴԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԸ

Հայ ազգային քոնկրեսի քաղաքական խորհուրդի նախանցեալ օրուան արտակարգ նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ իշխանութեան հետ երկխօսութեան պատուիրակութեան կազմը:

Իշխանութեան հետ երկխօսութիւնը պիտի կատարեն Հայ ազգային քոնկրեսի կեդրոնական գրասենեակի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան` իբրեւ պատուիրակութեան ղեկավար, Քոնկրեսի կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչ Դաւիթ Շահնազարեան, Քոնկրեսի տնտեսական յանձնախումբի անդամ, Մալաթիոյ տարածքային կառոյցի ղեկավար Վահագն Խաչատրեան, Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան վարչութեան քարտուղար Ֆելիքս Խաչատրեան եւ ՀՀՇ վարչութեան փոխնախագահ Սամուէլ Աբրահամեան:

Պատասխանելով «Երկիր»ի այն հարցումին, թէ  ե՞րբ է, որ իշխանութիւնը պիտի ընտրէ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութեան իր խումբին կազմը, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտնեց, որ իրենք դրական կը գնահատեն երկխօսութեան փաստը բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ: «Պիտի մասնակցի՞նք, թէ՞ ոչ, ի՞նչ ձեւաչափով պիտի մասնակցինք, կամ ի՞նչ հարցեր պիտի քննարկենք, ատիկա հանրապետութեան նախագահին որոշելիքն է», ընդգծեց Էդուարդ Շարմազանով:

Ան նաեւ բացառեց նախագահական արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը, իսկ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն բաժինով ալ նշեց, որ ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ իրաւական հիմք կայ անոնց կայացման համար:

Share this Article
CATEGORIES