Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մահացաւ Արուեստագէտ, Դերասան
Ազատ Գասպարեանը
Օգոստոս 2-ին «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացաւ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, տաղանդաւոր դերասան Ազատ Գասպարեանը: Ողնաշարի վնասուածքի բուժումը շարունակելու նպատակով ան քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուէր կեդրոնին մէջ: Անոր դուստրը` Նայիրի Գասպարեան, 1 օգոստոսին «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած էր, որ նշանաւոր դերասանը արդէն քանի մը օրէն հիւանդանոցէն տուն պիտի փոխադրուի եւ 13 օգոստոսին պիտի նշէ իր ծննդեան 70-ամեակը:
Օգոստոս 4-ին Երեւանի Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, 5 օգոստոսին Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, մշակութային, հասարակական ու քաղաքական բազմաթիւ նշանաւոր գործիչներ եկած էին վերջին հրաժեշտ տալու 3 օգոստոսին մահացած Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, տաղանդաւոր եւ վաստակաշատ դերասան Ազատ Գասպարեանին: Անոր դագաղը թատրոնի շէնքէն դուրս հանուեցաւ հաւաքուած հանրութեան բուռն ծափահարութիւններով:
Թաղման թափօրը շարունակեց իր ընթացքը դէպի Երեւանի քաղաքային պանթէոն, ուր տեղի ունեցաւ դերասանին յուղարկաւորութիւնը:
Օգոստոս 13-ին կայանալիք իր 70-ամեայ յոբելեանէն քանի մը օրեր առաջ վրայ հասած մահը անսպասելի էր Գասպարեանին ընտանիքի անդամներուն, գործընկերներուն եւ հանրութեան համար:
«Ազատ Գասպարեանը հազուագիւտ, տաղանդաւոր, հրաշալի դերասան էր, հրաշալի ասմունքող, հրաշալի մարդ, ժողովրդի լեզուով ասած` «անշառ», ազնուագոյն, նուիրուած, միշտ հասնող եւ աջակցող մարդ», «Արմենփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեանը:
Անոր համաձայն, Գասպարեանի հիացմունքի արժանի եւ իւրայատուկ բնաւորութեան գիծերէն մէկը այն էր, որ պատրաստ էր օգնելու բոլորին, նոյնիսկ` անծանօթներուն: «Շատ մեծ կորուստ է, որովհետեւ Սունդուկեանի անուան թատրոնի բեմում նա դեռ շա՜տ շա՛տ բան ունէր անելու: Նա թատրոնի սիւներից մէկն էր: Բաւական շատ ծրագրեր ունէր, որոնք, աւա՜ղ, չիրականացան: Առանձնայատուկ տեսակ էր նրա մարդկային տեսակը: Նրանից ջերմ ուժ էր բխում, եւ իւրաքանչիւր միջավայրում, իւրաքանչիւր սեղանի շուրջ նա գլխաւոր գործող անձն էր, գլխաւոր մարդը, նրանից էր ճառագում այն ուժը, որը մեզ պահում էր, անկրկնելի գրաւչութիւն ունեցող ուժը», ըսած է Ղազանչեան: Թատերական գործիչներու միութեան ղեկավարին համաձայն, նման դերասանի մը մահը «մեզանից շատ կարեւոր գոյն կը պակասեցնի»:
Գասպարեան ծնած է 13 օգոստոս 1943-ին, Երեւան: 1970-ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը: Աշխատած է գրեթէ բոլոր թատրոններուն մէջ, նաեւ` պատկերասփիւռի կայաններուն եւ շարժապատկերներու մէջ: 1999-ին լոյս տեսած է իր կողմէ կազմուած «Իմ լեզուի տակ փուշ չկայ» ժողովածուն: 2000-2004 եղած է Երիտասարդական պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը: 1965-էն Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան անդամ է, 1980-էն` ՀԹԳՄ վարչութեան անդամ: 2005-ին արժանացած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչման: 2006-ին ընտրուած է Եւրոպայի բնական գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս: 2008-ին արժանացած է «Ֆրիտէօֆ Նանսեն», 2009-ին «Մովսէս Խորենացի» շքանշաններուն: 2003-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր, 2010-ին ժողովրդական արուեստագէտի կոչման: Ասմունքով հանդէս եկած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ: Ձայնագրած է Չարենցի, Սիամանթոյի, Տէրեանի, Սեւակի եւ այլոց երկերը: Ասմունքով, թատերական ներկայացումներով հանդէս եկած է տարբեր երկիրներու մէջ` Ռուսիա, Լիբանան, Ֆրանսա, Անգլիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ այլն:
Այս առիթով Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեան յայտնած է.
«Կեանքից հեռացաւ ազգային շարժապատկերի երեւելի վարպետներից մէկը, նշանաւոր ասմունքողը, հրաշալի մարդն ու ընկերը… Ազատ Գասպարեանը օգոստոսի 13-ին դառնալու էր 70 տարեկան, պատրաստւում էինք շուքով նշել այդ յոբելեանը, Գիւմրու քաղաքապետարանը նախագիծ էր պատրաստել` նրան Գիւմրու պատուաւոր քաղաքացու կոչում շնորհելու մասին, օգոստոսի 13-ին նրա սեղանին էր դրուելու Լեւոն Մութաֆեանի «Ազատ Գասպարեանի ֆենոմենը» գիրքը…
«Աւա՜ղ, ամէն ինչ մնաց կէս ճանապարհին…
«Մենք չենք թաքցնում մեր արցունքները, մեր ցաւը, կորստի մրմուռը: Մենք սգում ենք մեր ընկերոջ մահը, որն անհաւատալի էր… Ինչպէ՞ս կարելի է տեսնել կանգ առած շարժումը, կենսախնդութիւնը, ոգեւորութիւնը, ինչպէ՞ս կարելի է այլեւս չլսել Ազատ Գասպարեանի չարենցեան ընթերցումները, ինչպէ՞ս կարելի է այլեւս չըմբոշխնել մօտ քսան բարբառը, որը նա մատուցում էր զարմանալի ճշգրտութեամբ…
«Մեծ վշտի այս պահին խոնարհելով մեր գլուխները` Ազատ Գասպարեանի ընտանիքին մաղթում ենք ուժ` դիմանալու հրաշալի անհատականութեան հեռացման ցաւին:
Լեռնային Ղարաբաղը Կը Վերածուի
Զբօսաշրջութեան Կեդրոնի. «Ա. Էֆ. Փէ.»
Արձակազէնի կրակոցին տակ գտնուող, ականապատուած դաշտեր ունեցող, վիճելի տարածք հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղը առաջին հայեացքով զբօսաշրջութեան համար այնքան ալ իտէալական վայր չի թուիր: Սակայն տարուէ տարի կ՛աւելնայ այս տարածքը այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը` բացայայտելով պատերազմի ահաբեկող խարանը կրող երկրի մէկ այլ կողմը: Այսպէս գրած է «Ա. Էֆ. Փէ.» համաշխարհային լրատուական գործակալութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի մասին հրապարակած իր յօդուածին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ կ՛այցելեն զբօսաշրջիկներ աշխարհի տարբեր վայրերէն` Թոքիոյէն մինչեւ Թայուան: Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներէն ֆրանսացի դեղագործ Ճորտըն Նահումը գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ թէեւ ինք ծանօթ էր Լեռնային Ղարաբաղի արիւնոտ անցեալին, սակայն զարմացած է իր տեսածով: «Մարդիկ շատ բարի եւ բաց են: Այստեղ շատ ապահով է, ես տեսած եմ մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ, որոնք ժամանած են տարբեր երկիրներէ. հոս երբեք վտանգուած չեմ զգար», յայտնած է 23-ամեայ Նահումը:
Տեղական իշխանութիւնները գումարներ ներդրած են տարածաշրջանի զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով եւ կը հաստատեն, որ զբօսաշրջիկներուն հոսքը կը հատուցէ բոլոր ծախսերը: Անոնց տուեալներով, վերջին քանի մը տարիներուն զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան դրութեամբ աճած է 40 տոկոսով, իսկ 2012 թուականին երկիր այցելած են 15 հազար 500 օտար զբօսաշրջիկներ` չհաշուած սփիւռքահայ զբօսաշրջիկները: «Այցելուների աննախադէպ աճը ցոյց է տալիս, որ չնայած Ազրպէյճանի հետ թէժ հակամարտութեան մէջ գտնուելուն` մեզ յաջողուել է ստեղծել Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան համար հաճելի, անվտանգ եւ հետաքրքիր վայրի կերպար», նշած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կից զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանը:
Սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ստեփանակերտի մէջ նոր պանդոկներ եւ ճաշարաններ կառուցուած են, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներուն կառուցապատման իսկական յառաջընթաց արձանագրուած է: «Եթէ մենք կարողանանք պահպանել այցելուների թուի աճի այս կշռոյթը, ապա հինգ տարի յետոյ զբօսաշրջութիւնը կը դառնայ մեր պիւտճէի առաւել շահութաբեր ոլորտներից մէկը», դիտել տուած է Շահվերդեանը` ընդգծելով, որ ոչ մէկ զբօսաշրջիկ մինչեւ օրս չէ վիրաւորուած Ղարաբաղի մէջ: Բացի անկէ, զբօսաշրջական գործակալութիւնները կը պնդեն, որ զբօսաշրջիկներուն համար բազմաթիւ գրաւիչ վայրեր կան Արցախի մէջ: «Մարդիկ կան, որ գերադասում են էքստրեմալ զբօսաշրջութիւնը, ովքեր ցանկանում են գնալ առաջին գիծ, սակայն մենք բացատրում ենք, որ դա վտանգաւոր է, քանզի այնտեղ ականապատուած դաշտեր կան», նշած է «Սաթի» զբօսաշրջային ընկերութեան տնօրէն Գոհար Յովհաննիսեանը:
Ազրպէյճանական կողմը, այնումենայնիւ, ակնյայտօրէն դէմ է եւ կը փորձէ ամէն ձեւով խոչընդոտել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկիզբ առնող զբօսաշրջային արդիւնաբերութիւնը: Ինչպէս, օրինակ, պաշտօնական Պաքուն պատերազմի նոր սպառնալիքներով արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր օդակայանի բացման, բան մը, որ պիտի խթանէ Ստեփանակերտի կապը արտաքին աշխարհին հետ:
Հակառակ տարածաշրջանի անորոշ ապագային, զբօսաշրջիկները, ինչպէս, օրինակ, Անտրէյ Եունովսքին` Լեհաստանէն, «Ա.Էֆ. Փէ.»-ին յայտնած է, որ տուն վերադառնալէ ետք խորհուրդ պիտի տայ իր ընկերներուն` այցելել Արցախ, եւ որ յաւելեալ ուշադրութիւնը կրնայ նոյնիսկ օգնել Ղարաբաղի առջեւ երթալուն: «Անոնք պէտք է այս հակամարտութիւնը լուծեն խաղաղ ճամբով, սակայն, միաժամանակ, պէտք չէ դադրեցնեն զբօսաշրջիկներուն հոսքը դէպի Ղարաբաղ», յայտնած է 59-ամեայ Եունովսքին` ժպիտը դէմքին լուսանկարուելով միջնադարեան Գանձասար վանքին մօտ:
Մահացաւ Հաղորդավար Մարկ Սաղաթելեանը
«Ես հասկացել եմ մէկ բան, որ պէտք է հաճոյք ստանաս քո ապրած կեանքի ամէն վայրկեանից, իմաստ չունի քո նեարդայնանալը իմաստ չունի մտածել` էս լաւ չի, էս վատ ա, էնքան վատ բան կայ, որ մարդը նոյնիսկ չի պատկերացնում: Ես դրանով անցել եմ ու հասկացել, որ աւելի լաւ է` դու հաճոյք ստանաս քո ապրած ամէն վայրկեանից, ժպտաս, լաւ լինես, որովհետեւ վաղուայ օրդ կարող է ընդհանրապէս չլինել»: Այս հաստատումը կատարած է սիրուած դերասան եւ հաղորդավար Մարկ Սաղաթելեանը, որ 31 յուլիսին արեան քաղցկեղէ մահացաւ «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ` 41 տարեկան հասակին: Ան միայն օր մը առաջ ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած էր հիւանդանոց: Մարկ Սաղաթելեան վերոյիշեալ միտքերը արտայայտած է հարցազրոյցի մը ընթացքին, զոր տուած է ինքնաշարժի ծանր արկած անցընելէ եւ երկար ամիսներ ապաքինման հանգրուանի մէջ մնալէ ետք:
Մարկ Սաղաթելեանին հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ 1 օգոստոսին, Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` օգոստոս 2-ին, Երեւանի մէջ:
Արծուաշէնցիները Յոյսով Են, Որ Իրենց
Հողերուն Պիտի Տիրանան
Արծուաշէնի գրաւումէն 21 տարի ետք արծուաշէնցիները չեն կորսնցուցած իրենց յոյսը եւ կը սպասեն խաղաղութեան ժամուան: Արծուաշէնի գրաւման առիթով կայացած հանդիպման ընթացքին Արծուաշէն համայնքի ղեկավար Մամիկոն Խեչոյեանը նշած է, որ հայկական Արծուաշէնը միշտ եղած է օտարներու ուշադրութեան առարկայ, եւ շատեր ուզած են գրաւել զայն: «21 տարի առաջ եղաւ այն, ինչն անխուսափելի էր: Ղարաբաղեան պայքարում զոհեցինք փոքր Արծուաշէնը: 3000 արծուաշէնցիները չէին կարող պայքարել 7 միլիոն ազրպէյճանցիների դէմ: Թէեւ Արծուաշէնը փաստացի գտնւում է Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, բայց իրաւականօրէն այն մերն է», նշած է համայնքին ղեկավարը: Անոր համաձայն, Արծուաշէնը այսօր կ՛ապրի` սպասելով խաղաղութեան դաշինքին, որ պիտի որոշէ գիւղին ճակատագիրը: Խօսելով արծուաշէնցիներուն յատկացուած պետական օժանդակութեան մասին` Խեչոյեանը յայտնած է, որ կառավարութեան որոշմամբ` Արծուաշէնի համայնքը կը գործէ չորս հոգինոց աշխատակազմով եւ 100 տոկոս ֆինանսաւորմամբ:
«Արծուաշէնցիների հիմնական մասը այժմ բնակւում է Ճամբարակում: Այն տները, որտեղ ապաստանեցին արծուաշէնցիները, 3-րդ եւ 4-րդ կարգի վթարային են: Սակայն պետութիւնը ամէն կերպ փորձում է օժանդակել համայնքին, առանց տոկոսադրոյքների վարկեր է տրամադրում: Մենք չենք բողոքում, քանի որ հասկանում ենք, որ միայն պետութեան հովանաւորութեամբ չեն լուծուի բազում հարցերը», դիտել տուած է Խեչոյեանը:
Նշենք, որ Արծուաշէն գիւղը կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզի արեւելեան մասին մէջ: 1992 թուականի օգոստոսի 8-էն բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ եւ մինչեւ այսօր կը գտնուի այդ վիճակին մէջ: Արծուաշէն համայնքէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն թիւը ներկայիս 719 է, որոնցմէ 664 ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են Գեղարքունիքի մարզի բնակավայրերուն մէջ եւ 55 ընտանիքներ` այլ մարզերու մէջ:
Պռօշեանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ
Երիտասարդականի Այս Տարուան
Ճամբարի Փակման Հանդիսութիւն
170 աշակերտ 2 օգոստոսին հրաժեշտ տուած է Պռօշեան գիւղին մէջ տեղի ունեցող եւ Հրաչ Մուրադեանին անունը կրող ամառնային ճամբարին:
Գրեթէ մէկ շաբաթուան ընթացքին երեխաները սորված են հայրենասիրական երգեր, խաղեր խաղցած են, հայրենասիրական շունչով դաստիարակուած: Ճամբարի փակման հանդիսութեան անոնք իրենց սորվածը ներկայացուցած են իրենց ծնողներուն:
Երկու գիւղերու` Քասախի ու Պռօշեանի երեխաները մէկ շաբթուան համար համախմբուած էին եւ միասին էին առտուընէ մինչեւ երեկոյ` համերաշխ կերպով, սակայն երբ կարգը կու գար կարմիր, կապոյտ ու նարնջագոյնի յաղթանակին` համերաշխութիւնը տեղի կու տար:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատած է, որ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան քրէական գործի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի` յոյս յայտնելով, որ արդարադատութիւնը չի սխալիր:
Իրենց նախկին գիւղապետին ու միւս հայրենասէրներուն մասին երգերը երեխաները խոստացած են երգել ոչ միայն հանդէսներու ընթացքին, այլ միշտ: Անոնք նաեւ հաստատած են, որ ճամբարի ուսուցիչներուն պիտի սպասեն նաեւ յաջորդ տարի` նոյն վայրին մէջ:


