Հայեացք` Գահիրէէն
ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Եգիպտոսի քաղաքական բեմին վրայ կարելի է ակնկալել ամէն բան, իսկ կանխատեսել` ոչինչ:
Աղեքսանդրիոյ շէնքերէն մէկուն տանիքէն պատանիներ նետող մօրուքաւոր իսլամականներու, եւ կամ «Ռապաա Ատաուիյա»-ի հրապարակին վրայ բանակին կողմէ սպանդի ենթարկուած դիակներու տեսերիզները շրջանցելով եւ բոլոր կատարուածները վերէն դիտելով` յստակ տեսնելու փորձ մը կատարելը կրնայ շատ մը հարցականներու պատասխան տալ, սակայն նաեւ առիթ տալ` նոր եւ այլ հարցականներու:
Երկու ծովերու, Նեղոսի, Սուէզի ջրանցքի, հնութիւններու եւ քարիւղի այս երկրին տագնապը ճիշդ կ՛ըլլայ դիտել ոսպնեակէն այնտեղ իրար բախող շահերու եւ զիրար խաչաձեւող հետաքրքրութիւններու, որոնք կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով.
ա.- Ներքին քաղաքական-հասարակական գետնի վրայ, տասնամեակներէ եկող հակամարտութիւնը, մէկ կողմէ կրօնամոլ իսլամականներու եւ աշխարհիկ եւ ազատական ժողովուրդին միջեւ, իսկ միւս կողմէ` իսլամական շարժումներու եւ ապահովական կառոյցներուն եւ բանակին միջեւ:
Բ.- Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ աւանդական մրցակցութիւնը կամ պայքարը` իրենց համար քաղաքական թէ մարտավարական դաշնակիցներ ապահովելու աշխարհի տարածքին:
Գ.- Իսրայէլի եւ իր շրջապատին միջեւ միշտ առկայ եւ սուր շահերու բախումը, ինչպէս նաեւ` անոր ծաւալապաշտական անյագ նկարագիրը:
Դ.- Սէուտական Արաբիան իբրեւ օրրան ունեցող ուահապական-սելեֆական գաղափարաբանութեան եւ Թուրքիոյ եւ Քաթարի հովանաւորութիւնն ու նեցուկը վայլելող քաղաքական իսլամութեան (կամ Իսլամ եղբայրութեան) զիրար հակասող շահերը:
Ե.- Նոյնինքն արեւմտեան դաշինքին մէջ տեղի ունեցող ներքին մրցակցութիւնը` Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի միջեւ, տնտեսական եւ մարտավարական առաւելութիւններ ձեռք ձգելու համար:
Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու շրջանին մէջ վերջին երկու տարիներու նորաստեղծ իրավիճակը եւ անոր պատճառով ստեղծուած անկայուն խաղադաշտը, ուր դէպքերը կանխատեսելը դարձած է գրեթէ անկարելի եւ ամէն վայրկեան հակակշիռէ դուրս ելլելու հակամէտ:
Քաղաքական տեսարանին իրապաշտօրէն մօտենալու համար այս բոլորին մէջէն պէտք է առանձնացնել Իսրայէլի շահերու եւ ձգտումներու գործօնը, որոնց կշռոյթով է, որ կը պարէ Արեւմուտքի քաղաքական մեքենան:
1973-ի պատերազմի պարտութեամբ եւ ապա Քեմփ Տէյվիտի համաձայնագրով ամրագրուած Սինայի կորուստը տակաւին չէ մարսուած Թել Աւիւի մէջ: Հողային պարզ տարածք ըլլալէ անդին` Սինայի թերակղզին կենսական նշանակութիւն ունի Իսրայէլի համար կրօնական (Մովսէսի սուրբ լեռով), ռազմավարական (Սուէզի ջրանցքով եւ դիրքով), ինչպէս նաեւ տնտեսական իմաստով: Իր հանգստարաններով, պանդոկներով եւ օգտագործելի զբօսաշրջական ներուժով: Ասոնց կողքին, Սինան Իսրայէլի միացման մէջ ան կը տեսնէ առաջին հանգրուանը` իրականացնելու հրեայ ժողովուրդի Նեղոսէն մինչեւ Եփրատ հայրենիք մը ունենալու պատմական երազը:
Հետեւաբար, եթէ նկատի ունենանք Սինայի հանդէպ Իսրայէլի ախորժակները, ապա կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ Իսրայէլի համար ձեռնտու է տեսնել պառակտուած եւ տկար Եգիպտոս մը, անզօր եւ բաժնուած բանակով: Իսկ պատմութեան ընթացքին իր մարտունակութիւնը փաստած եգիպտական մէկ միլիոննոց բանակը տկարացնելու համար պատրաստ եւ օգտագործելի են Իսլամ եղբայրները, որոնք տասնամեակներու ճնշումներէն նոր դուրս եկած եւ բանտերէ փախած, իշխանութեան հասնելու եւ այնտեղ հաստատուելու մոլուցքով շլացած` պատրաստ են գործակցելու նոյնիսկ Իսրայէլի հետ, հասարակաց դաշնակիցներու` Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ օրհնութեամբ եւ գործօն միջամտութեամբ:
Այս բոլորին լոյսին տակ եգիպտական բանակի սպայակոյտին համար շատ ելքեր չկային: Կա՛մ սպասել եւ ենթարկուիլ Թուրքիոյ իսլամական վարչակարգին կողմէ «Էրկենեքոն»-ի շինծու հարցով բանտ նետուած հարիւրաւոր զօրավարներու ճակատագրին, որուն իբր հետեւանք Թուրքիոյ բանակը կորսնցուց իր աշխարհիկ կարգերու պահապանի դերն ու կոչումը, եւ կա՛մ միջամտել բիրտ ուժով եւ ժողովուրդի նեցուկով, եւ ընել այն, ինչ որ ըրաւ յուլիսի 3-ի իր նախաձեռնութեամբ:
Խնդիրը այնտեղ չէ, որ եղածը յեղաշրջո՞ւմ էր, թէ՞ յեղափոփոխութիւն, կամ` բանակի կողմէ «ժողովրդավարութիւն ընթացքը ուղղող» քայլ (ինչպէս որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց իր մէկ ասուլիսին ընթացքին): Այլ խնդիրը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, թէ բանակին այս քայլը կը հակասէ Իսրայէլի շահերուն, ակնկալութիւններուն եւ ախորժակներուն: Իսկ այստե՛ղ է, որ կը ծագին հարցադրումներու նոր շարք մը.
– Արդեօք պատրաստ ծրագիր կա՞յ Իսրայէլի կամ Ամերիկայի մօտ` բանակին այս քայլը հակակշռելու, թէ՞ պարզապէս ժամանակ շահելու քաղաքականութիւնն է, որ յառաջ կը քշուի այսօր, մինչեւ նոր ծրագրի մը բիւրեղացումը:
– Արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ սուրիական բեմագրութեան եգիպտական տարբերակը ստեղծել, «Ազատ բանակ» կազմելու, զինելու եւ մարզելու եւ արաբական վերջին հզօր բանակին ողնայարը կտրելու:
– Այդ նոր կացութիւնը ստեղծուելու պարագային, ի՞նչ պիտի ըլլայ պաղեստինեան Համասին դերը. կողք-կողքի կռուի՞լ իր թշնամիին հետ եգիպտական բանակին դէմ` օգնելու իր «արիւնակից Իսլամ եղբայրներուն…
– Ռուսական գործօնը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Եգիպտոսի պարագային, որ ի տարբերութիւն Սուրիոյ` իրեն կոյր հետեւորդ կամ իրմէ կախեալ հաւատարիմ դաշնակից չէ:
Ուրեմն զանգուածները եւ լրատուական միջոցները մօտիկ ապագային տակաւին պիտի շարունակեն զբաղիլ ցոյցերով, հակացոյցերով, տեղեկատուութեամբ եւ ապատեղեկատուութեամբ, «ֆոթոշոփ»-ի եղած նկարներով եւ կամ` բեմադրուած վիտէօ հատուածներով, մինչեւ որ քաղաքական թանձր քուլիսներու ետին հասուննայ եւ յստականայ առաջին վիժած ծրագրին փոխարէն մշակուած մէկ այլ մարտավարութիւն, որուն յաջողութիւնը, ձախողութիւնը եւ կամ որքան ժամանակ առնելը կախեալ է կրկին եգիպտական բանակին խաղը ճիշդ խաղալու հմտութենէն:
Այս բոլորը թերեւս կարելի չէ իրագործուած տեսնել մօտիկ ապագային, սակայն ներկայի եւ մօտիկ ապագային պատահող եւ պատահելիք դէպքերը եւ զարգացումները ըմբռնելու եւ հասկնալու համար կարելի է դիտել այս շրջագիծին մէջ:
Իսկ մնացեալ բոլորը` ժողովրդավարութիւնը, պաղեստինցիները եւ Կազան, մարդկային իրաւունքները եւ անոնց ոտնահարումները, ցոյցերու քանակն ու ցուցարարներու թիւը, եկող եւ գացող քաղաքական պատուիրակներն ու գործիչները եւ անոնց մոլորեցնող կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները մեծ խաղի մը աննշան եւ յետին մանրամանութիւններն են, եւ կամ` մեծ զոհասեղանի մը մատուցուած փոքր զոհերը: