Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամառը ձեզի համար պիտի ըլլայ հեքիաթային մթնոլորտ ստեղծող ժամանակաշրջան մը: Ձեզի կը մնայ օգտուիլ, որքան որ կրնաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հին եւ անհաճոյ, նոյնիսկ ցաւալի յիշատակներ մի՛ արծարծէք: Կեանքը ընդունեցէք այնպէս, ինչպէս որ է, եւ մնացէք լաւատես տրամադրութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընդունեցէք ձեզի առաջարկուած օգնութիւն մը, որ շատ օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի: Ականջ տուէք կեանքին ելեւէջներուն եւ մնացէք լաւատես:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ներկայիս զբօսաշրջութեան մասին մի՛ մտածէք, որովհետեւ առիթը յարմար չէ: Մի՛ փորձուիք թակարդին մէջ իյնալու ասոր-անոր խօսքերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամառնային եղանակին պիտի հարստացնէք բարեկամութիւնը` նոր հանդիպումներով: Իւրաքանչիւր առիթ նոր էջ մըն է, օգտուեցէք, մարդը մարդով կրնայ ուրախանալ, երբ ընտրած ես լաւ անձեր: Ուրախ մնացէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մերժողական տրամադրութիւն մի՛ ունենաք ոեւէ մէկուն նկատմամբ, յարգեցէք իւրաքանչիւր անձի յատկութիւնը, որպէսզի կարենաք արժանանալ յարգանքի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամներ պիտի հրաւիրեն ձեզ իրենց հետ քիչ քիչ մը ժամանակ անցընելու: Այս հանդիպումը հաճելի ժամանց մը պիտի ըլլայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առանց աշխատանքի նստիլ չ՛ըլլար, բայց երբ աշխատանքի լծուիք, ծանրակշիռ յոգնութիւն մի՛ ստեղծէք: Աշխատանքն ալ իր չափը ունի, իմացէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կրնաք հանդիպիլ նոր դէմքերու, նորութիւններ ստեղծել եւ զգալ մարդկային կապին անկեղծ երթը: Ճամբորդութիւնը անշուշտ շատ լաւ է, առիթը եկած է, օգտուեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզի կը վերաբերի ստեղծելու ձեր բախտը` յարմար մթնոլորտի մէջ: Շարունակեցէք մնալ ունկնդիրը ձեր խղճի ձայնին, կ՛օգտուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Համաձայնագիր մը կնքելու առիթ մը պիտի ունենաք, բայց անիկա ընդունելի պիտի չըլլայ: Ջանացէք յաջորդ առիթի մը, կրնաք իրագործել անպայման:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Արձակուրդով ուր որ ալ երթաք, ուշադիր եղէք ձեր շարժումներուն հսկեցէք ձեր քայլերուն, որպէսզի ձախողութիւն չպատահի: