Զաւարեանականներ Արցախի Մէջ. Դէպի Երկիր` Գործով
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ուրախութեամբ կարդացինք ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հաղորդագրութիւնը, թէ 9-րդ անգամ ըլլալով` այս միութիւնը կը գործադրէ «Դէպի երկիր» կարգախօսին հետեւելու իր գործուղումը դէպի Արցախ:
27 յուլիս 2013-ին ԶՈՄ-ի եօթը երկսեռ անդամներ մեկնեցան Արցախի Քաշաթաղ գիւղական շրջանը` օգտակար ըլլալու համար տեղւոյն մանուկներուն եւ պատանիներուն, յատուկ ծրագիրով. անգլերէն լեզուի ուսուցում, համակարգչային գիտելիքներ, երգ ու հայոց պատմութիւն, նաեւ` ատենամարզանքի վերաբերեալ յայտագիր:
«Ազդակ»-ի 5 օգոստոս 2013-ի էջերուն մէջ արձանագրուած հաղորդումներէն կը տեղեկանանք, թէ Քաղաշաթի կարգ մը տարածքային շրջաններէն երկու խումբերով պատանիներ արդէն կը հետեւին ԶՈՄ-ի դասընթացքներուն, 80 եւ 60 պատանիներու խումբերով:
Լիբանանէն Արցախ, գաւառական տարածքներու վրայ իրագործուած այս աշխատանքը հայրենասիրական անկեղծ նուիրում մըն է, որ վեր է ամէն գնահատանքէ: Քաշաթաղ մեկնած մեր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները քաջ գիտէին, թէ կ՛երթան գիւղեր, ուր չկայ առօրեայ կենցաղային բնական վիճակ: Նոյնիսկ` ըմպելի կամ օգտագործելի ջուրի մատակարարում: Հոն պանդոկներ ալ չկան, որպէսզի գիշերային հանգիստ քունի միջոց ունենան: Անոնք իրենց հետ տարին քնապարկեր` կարենալ քնանալու համար թերեւս աստղածոր երկինքի մը տակ:
Հետաքրքրական էր իմանալ վերեւ յիշուած հաղորդագրութենէն, թէ ԶՈՄ-ի անդամները կարողացած են ճար մը գտնել Քաշաթաղի 50 կամ աւելի բնակարաններ օժտելու ըմպելի ջուրի ցանցով: Նոյն ատեն իմացած էի, թէ ԶՈՄ-ի եօթը անդամներէ բաղկացած խմբակը իրեն հետ Քաշաթաղ տարաւ գրենական պիտոյքներ, գիրքեր ու տետրակներ, համացանցի գիտելիքներու վերաբերեալ պիտոյք, նաեւ` այլ առարկաներ: Անշուշտ Լիբանանի մէջ անոնք կատարեցին նիւթական ապահովութիւն ունենալու աշխատանք, ստացան նուէրներ մեր բարերարներէն, որոնց մենք ալ կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը:
Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներուն կատարած այս ծրագիրը ուսանելի եւ օրինակելի է: Վստահ ենք` Քաշաթաղի մանուկներն ու պատանիները որքան ուրախացան, անոնց ծնողներն ու հարազատները քաջալերուեցան, թէ հեռաւոր այդ աշխարհին մէջ իրենց մասին մտածողներ եղած են, յոգնութիւն յանձն առած, համալսարանական իրենց զբաղումներուն կարգին ծրագրած են մեր հայրենիքին կարիքաւոր դասակարգին մասին:
Յիշենք նաեւ, որ ԶՈՄ-ի «Դէպի երկիր» ծրագրին վերաբերեալ կատարուած հետեւողական գործունէութեան մասամբ տեղեակ էինք: Կը հիանայինք այս անձնդիր երիտասարդներուն զոհողութեան: Բառը մեծ չթուի, այո՛, զոհողութիւն: Հոս կարելի է յիշել այն երգին բառերը, որ կ՛ըսէ.
«Ով որ քաջ է, ինչ կը սպասէ»:
Իրաւամբ քաջեր են զաւարեանականները, որոնք հայրենասիրական խօսքէն անցած են գործնականի, մէկ կողմ դրած` հանգստաւէտ զբօսաշրջութիւն մը կատարելու իրենց իրաւունքը, գացին հոն, դէպի այն գիւղերը, ուր հաւանաբար գիւղի կեանքն է տակաւին շարունակուողը: Երբ գիւղ կ՛ըսենք, պէտք է հասկնալ տնակներ` առանց բաղնիքի կամ տարրական պահանջի: Ֆետայական որոշում մը` վասն զարգացման հայրենեաց, տառապած Արցախին, նահատակներու արեամբ ձեռք բերուած հայրենական մեր պատմական հայրենիքին, որուն ծառայելը աղօթք է, ջերմեռանդ հաւատքի ապրում:
Մեր այս հակիրճ խօսքերը թող մեկնաբանուին յաւելեալ միտքերով: Մեզի կը մնայ ըսել բարձրաձայն. ապրի՛ք, Զաւարեանի յիշատակը յաւերժացնող զաւարեանական տղաք ու աղջիկներ:

