Ըստ «Ֆորպզ»-ի. Մարիա Շարափովան Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Մարզիկուհին Է

Մարիա Շարափովա

Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա, ըստ «Ֆորպզ» ամսաթերթին, 9-րդ անգամ ըլլալով անընդմէջ կը ճանչցուի իբրեւ ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիկուհին:

Ան յուլիս 2012-էն մինչեւ յուլիս 2013 վաստկած է 29 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզը` վաստկելով 20.5 միլիոն տոլար, իսկ եռեակը կ՛ամբողջացնէ չինացի թենիսվումըն Լի Նան` 18.2 միլիոն տոլարով:

Սակայն «Ֆորպզ» կը նշէ, թէ մարզիկուհիներուն եկամուտը զգալիօրէն պակաս է, քան մարզիկներունը: Օրինակ, Թայկըր Վուտզ, այս վերջին տարին վաստկած է 78 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Share this Article
CATEGORIES