Օսքար Քարտոզօ. «Պենֆիքայի Հետ Իմ Ժամանակս Կը Մօտենայ Իր Աւարտին»

Օսքար Քարտոզօ

Փարակուէյցի յառաջապահ Օսքար Քարտոզօ Portugal.net լրատուական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ ինք պատրաստ է փոխելու իր ակումբը:

Ան ըսաւ, որ իր ժամանակը Պենֆիքայի հետ կը մօտենայ իր աւարտին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խումբին եւ խումբի համակիրներուն աջակցութեան համար: Ան շեշտեց, որ այսքան տարի ետք դժուար պիտի ըլլայ իրարմէ բաժնուիլը:

Տեղեկացնենք, որ ֆութպոլիստին եւ թրքական Ֆեներպահչէ ակումբին միջեւ բանակցութիւնները սկսած են արդէն: Բայց յառաջապահին ծառայութիւններով հետաքրքրուած են նաեւ ռուսական Զենիթ եւ Սպարտակ Մոսկուա ակումբները:

Share this Article
CATEGORIES