Արթեթա. «Արսենալ Կարիքը Ունի Նոր Խաղացողներու»
«Լոնտոն Իվնինկ Սթանտըրտ» հաղորդեց, որ անգլիական Արսենալ ակումբի միջնապահ Միքել Արթեթա իր կարծիքը յայտնեց Արսենալի խումբին գծով եւ ըսաւ, թէ խումբը կարիքը ունի նոր խաղացողներու:
Յայտնենք, որ լոնտոնեան ակումբը այս ամառ ձեռք բերած է միայն ֆրանսացի 20-ամեայ Եայա Սանոկոն, եւ այս իրավիճակը չի գոհացներ Արթեթան:
Ան ըսաւ, որ ինք գիտէ, թէ ակումբը շատ լաւ ձեւով կ՛աշխատի փոխանցումներու աշխատանքներուն մէջ եւ ըսաւ, թէ Արսենալի ճակատագիրը կապուած է խումբին ղեկավարութեան, եւ ան վստահ է, որ լաւ արդիւնքով կը վերջանայ փոխանցումներու այս շրջանը:
Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ ինք կ՛ուզէ Արսենալի հետ բաժակներ շահիլ, մանաւանդ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի բաժակը, եւ իր կարծիքով, այդ մէկը կ՛իրականանայ, երբ խումբին լաւ խաղացողներ միանան:
CATEGORIES Մարզական