«Թուրքիա Կը Շարունակէ Ժապհաթ Նուսրայի Աջակցիլ Ընդդէմ Քիւրտերուն» Կ՛ըսէ Մուսլիմ
Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ Քայիտայի առնչակից խմբաւորումներուն աջակցիլ ընդդէմ Սուրիոյ քիւրտերուն` հակառակ թուրք պաշտօնատարներու այն յայտարարութեանց, թէ այդ խմբաւորումները Թուրքիոյ անվտանգութեան դէմ եւս սպառնալիք կը ներկայացնեն:
Մուսլիմ նշեց, որ սահմանին երկու կողմերուն վրայ գտնուող ականատեսներ կը հաստատեն, որ 2 օգոստոսին Այնթապ նահանգին մէջ գտնուող Քարքամըշ սահմանային անցքին ճամբով Թուրքիայէն Սուրիա զէնք փոխադրուած է: Այդ զէնքերը հետագային փոխադրուած են քրտական Այն Արապ շրջանին մօտ գտնուող արաբական գիւղեր, ըստ երեւոյթին, առ ի պատրաստութիւն Այն Արապի դէմ յարձակումին:
«Քոպանին (Այն Արապը. «Ա.») յաջորդն է: Անկարելի է հասկնալ, թէ Թուրքիա ինչո՛ւ ասիկա կ՛արտօնէ: Եթէ Ժապհաթ Նուսրա իր թշնամին է, ապա ասիկա պէտք է կանխարգիլուի», ըսաւ Մուսլիմ:
Մուսլիմ անցեալ ամիս անակնկալ այցելութիւն մը տուած էր Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցած էր արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ ՄԻԹ-էն պատասխանատուներու հետ: Ան ըսաւ, որ թուրք պաշտօնատարներ խոստացած են արգիլել Քայիտայի անդամներու Սուրիա ներթափանցումը, ինչպէս նաեւ Սուրիական ազատ բանակին վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի վերջինս Քայիտայի առնչուած խմբաւորումները մեկուսացնէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ թրքական այդ խոստումները չե՞ն յարգուած, Մուսլիմ ըսաւ, որ ինք կը շարունակէ համոզուած մնալ, թէ թրքական կառավարութիւնը բարի կամեցողութիւն ունի, իսկ այդ արարքները կրնան «ուրուական ուժերու» կողմէ գործուած ըլլան` առանց կառավարութեան համամտութեան: «Չեմ գիտեր (եթէ ասիկա թրքական կառավարութենէն այլ ուժերու գործն է): Սակայն հաստատ է, որ Ժապհաթ Նուսրան կը շարունակէ թրքական սահմաններուն ճամբով զէնքեր ստանալ»:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ քրտական խմբաւորումներուն դէմ զինուորական գործողութեան ձեռնարկելու Թուրքիոյ սպառնալիքէն մէկ տարի ետք, Անգարա ներկայիս կը ջանայ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել, մինչ գոյութիւն ունին մտավախութիւններ, թէ իսլամական ծայրայեղականներ Թուրքիոյ կայունութիւնն ու ապահովութիւնը քանդեն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու ջանքերը խանգարեն»:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Անգարայի քայլերը ՔԱԿ-ի հետ իր երկխօսութիւնը ամրապնդելու եւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու ծիրին մէջ կ՛իյնայ: