Ռուհանի-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Հասան Ռուհանի

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Ռուհանի շեշտած է, որ պէտք է շրջանի բոլոր կողմերը իրենց աշխատանքները համակարգեն շրջանին մէջ ապահովութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար:

Ռուհանի շեշտած է, որ պէտք է շրջանին մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնել` մեկնելով իսլամական եւ մարդկային օրէնքներէն, ինչպէս նաեւ փոխան բռնութեան փոխադարձ սէրը, խաղաղութիւնն ու եղբայրութիւնը ամրապնդել` դրուատելով «այս առումով թուրք-իրանեան գործակցութեան դրական ազդեցութիւնը»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին շնորհաւորած է Ռուհանին Իրանի նախագահութեան ստանձնման առիթով` յոյս յայտնելով, որ «մօտ օրէն Թեհրան այցելէ»:

Էրտողան կոչ ուղղած է «Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու»` նշելով, որ «սահմանադրական երդումի արարողութեան ներկայ գտնուելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Իրան այցելելը եւս այդ ծիրին մէջ կ՛իյնայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES