Հզօր Պայթում` Դամասկոսի Ժարամանա Թաղամասին Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ նախորդ օրերուն սուրիական բանակը բախումներ ունեցաւ Դամասկոսի որոշ արուարձաններուն եւ դաշտերուն մէջ գտնուող զանազան զինեալ խմբակներու հետ: Բախումները կը շարունակուէին նաեւ Քապուն, Պարզէ եւ Ժոպար շրջաններուն մէջ: Մայրաքաղաքի խաղաղ թաղամասերը կը դիմագրաւեն հրասանդի հրթիռներուն ու պատահական փամփուշտներուն հարուածները, այս պատճառով ալ նախորդ օր դամասկահայ փոքրիկ մը թեթեւօրէն վիրաւորուած էր:
Իսկ երեքշաբթի երեկոյեան Դամասկոսի արուարձաններէն Ժարամանա շրջանին մէջ Սիուֆ հրապարակին մօտ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ:
Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, պայթումին պատճառով արձանագրուած են 18 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Վնասուած են նաեւ թաղամասին մէջ գտնուող ինքնաշարժներն ու վաճառատունները: Բարեբախտաբար զոհերուն եւ վիրաւորներուն շարքին հայեր չկան: Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի, 25 յուլիս 2013-ին Ժարամանայի նոյն հրապարակին վրայ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած էր` պատճառելով զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

