ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎԱՂՈՒԱՆ ՑՈՅՑԸ ՋՆՋՈՒԱԾ Է

Պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքներու պաշտպան մարմինը երէկ չեղեալ յայտարարեց լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ շրջանին մէջ կատարուելիք վաղուան ցոյցը:

Նոյն մարմինը շեշտեց, որ արաբեւիսրայէլեան պատերազմին արաբներուն կրած  պարտութեան յիշատակին առիթով կատարուելիք ցոյցին փոխարէն, վաղը` կիրակի, 5 յունիսին, պաղեստինեան գաղթականներուն մէջ ընդհանուր գործադուլ պիտի կատարուի:

Մարմինը լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց ապահովել ցոյցեր կատարելու պաղեստինցիներուն իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներուն բնակեցումը արգիլելու գործնական քայլերու դիմել` դիւրացնելով գաղթականներուն սահմանամերձ շրջան հասնիլը:

Միւս կողմէ, լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ 15 մայիսի դէպքերը կրկնուին նաեւ 5 յունիսին:

5 յունիսին տեղի ունենալիք ցոյցին ակնարկելով` իրենց կարգին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կոչ ուղղած էին զգուշանալու եւ ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել նաեւ, որ իսրայէլեան բանակը սահմանային շրջանին վրայ զինուորական արտակարգ միջոցառումներ որդեգրեց, ինչպէս նաեւ ելեկտրական փշաթելերու նոր սարքաւորումներ զետեղեց` կանխարգիլելու համար սահմանային որեւէ խախտում:

 

Share this Article
CATEGORIES