«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏՈՂ ՆԵՐՔԻՆ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ ՇՐՋԱՆՑՈՒԱԾ ԵՆ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք, զօր. Աուն իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող ներքին խոչընդոտները շրջանցուած են` մաղթելով, որ այդ հոլովոյթը արգելակող արտաքին խոչընդոտներ չըլլան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան յայտարարութեան պարագային բոլորը պիտի իմանան, թէ ի՛նչ զիջումներ կատարած է ինք` նշելով, որ երբ կառավարութիւնը կազմուի, կարելի կ՛ըլլայ քննարկել անոր որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրը:
Անդրադառնալով լիբանանեան իշխանութիւններուն կառոյցին` ան նշեց, որ այդ կառոյցը վերածուած է տափարակ իշխանութեան, որովհետեւ նախորդ երկու տասնամեակներուն ընթացքին իրերայաջորդ իշխանութիւնները օրէնքներն ու կանոնները չեն յարգած:
Ան կոչ ուղղեց արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժարին գործնական քայլերու դիմելու` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հարցով:
Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կողմէ զօր. Ռիֆիին կատարուած այցելութիւնը` շեշտելով, որ ըստ լիբանանեան օրէնքներուն, զօր. Ռիֆի իրաւունք չունի իր երկրին վարչապետին հետ հանդիպելու` առանց իր պատասխանատու նախարարին ներկայութեան: Ան կոչ ուղղեց Քոնելլիին յարգելու Վիեննայի համաձայնագիրը, որուն հիման վրայ կ՛որոշուին դիւանագիտական աշխատանքներուն կանոնները:
Զօր. Աուն բողոքեց նաեւ ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասանի դէմ` նկատել տալով, որ ան սահմանադրութիւնը կը խախտէ եւ շեշտելով, որ այդ խախտումները կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ: