ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես երէկ յայտնեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով զօրակցած է պաղեստինցի ժողովուրդին եւ տունդարձի անոր իրաւունքին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը եւ վերսկսելու Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն զգուշացուց շրջանին դէմ նիւթուող դաւերէն, որոնք կը միտին յաջողեցնել պաղեստինցիներու բնակեցման դաւադրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆաթհ շարժումի ընդհանուր պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ պաղեստինցի գաղթականները քաղաքացիական կամ ընկերային իրաւունքներ չեն պահանջեր, այլ` անոնք կը փափաքին տուն վերադառնալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախագահած Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը տակաւին յստակ պատասխան մը չէ տուած խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու իմաստով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Շուէտի պետութիւնը կը սպառնայ երկրէն դուրս դնել 1500 լիբանանցի ընտանիքներ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ գործավար նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ արգիլուեցաւ Եւրոպայէն բանջարեղէն ներածել:

ԸՍՏ «Ախպար»ի, արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժար ընդհանուր դատախազութենէն պիտի չպահանջէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին հարցաքննութեան կանչել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը քանի մը շաբաթէն պիտի արձակէ նախնական ամբաստանութիւնը: Կը նախատեսուի, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուին Հըզպալլայի անդամներ:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կազմութեան առումով գոյութիւն ունեցող դրական մթնոլորտին ակնարկելով` հիւսիսային Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներէն Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ դրական այդ մթնոլորտը տեղեկատուական ալիքի մը սահմաններուն մէջ կը մնայ միայն` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով ցարդ շօշափելի ոչինչ կայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ առանց կանաչ լոյսի կառավարութիւն կարելի չէ կազմել` շեշտելով, որ այդ կանաչ լոյսը տակաւին չէ տրուած:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստը ոչ մէկ դրական երես ունի` աւելցնելով, որ նման նիստի մը հրաւիրելով երկրին քաղաքական կեանքին մէջ տիրող  երկփեղկումը աւելի եւս կը սրի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնն ու զայն ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Խալետ Զահրաման:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ յայտնեց, թէ Թեհրան պատրաստ է նպաստելու ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման վերաբերող ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման: Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին:

 

Share this Article
CATEGORIES