Զօր. Աուն. «Երկրին Մէջ Վտանգաւոր Բաներ Կը Պատահին` Պատասխանատուներուն Անգիտակից Ըլլալուն Պատճառով»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին տեղքայլի մէջ է եւ կարելի չէ անոր պատճառները իմանալ:
Զօր. Աուն նշեց, որ երկրին մէջ վտանգաւոր բաներ կը պատահին` պատասխանատուներուն անգիտակից ըլլալուն պատճառով: «Լիբանան տնտեսական տագնապի մէջ կը գտնուի` իշխանութեան մէջ կարգ մը անձնաւորութիւններուն բացարձակ անգիտակից ըլլալուն պատճառով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ո՛չ պատասխանատու կառավարութիւն ունինք եւ ո՛չ ալ երեսփոխաններ:
Պատասխանելով քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ զինուորականներուն յարաբերութեան մասին բանակի հրամանատարին կատարած յայտարարութեան մասին իր մեկնաբանութիւնը պահանջող հարցումի մը` զօր. Աուն ըսաւ. «Երանի բանակի հրամանատարութիւնը այդպէս վարուի, որովհետեւ մենք տեղեակ ենք, թէ ո՛վ որուն հետ կը գործակցի»:


