Նախագահ Սլէյմանի Այցելուները Զօրակցեցան Անոր Կեցուածքներուն

Նախագահ Սլէյման եւ Խուրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ կառավարական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Պէյրութի հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական եւ տեղեկատուական հեղինակութիւններ, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին հանրապետութեան նախագահին կեցուածքներուն եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու անոր ջանքերուն:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, որ նախագահին փոխանցեց Թալլի եւ Պըհսասի մէջ բանակին դէմ յարձակում գործող յանցագործներուն դէմ դատական իշխանութեան արձակած վճիռը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի եւ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Խոսէ Փաթրիսիօ Վիչենթի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )