Թրիփոլիի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր` Թալլի Եւ Պըհսասի Պայթումներուն Պատասխանատուներուն Դէմ Տրուած Վճիռներուն Պատճառով
Թալլի եւ Պըհսասի մէջ բանակին դէմ հինգ տարի առաջ գործուած պայթումներուն յանցանքով դատապարտուած յանցագործները երէկ Արդարութեան խորհուրդին կողմէ ստացան իրենց վճիռները` նախագահութեամբ դատաւոր Ժան Ֆահըտի:
Բանակին դէմ պայթումները գործելու յանցանքով դատապարտեալներ Ալի Ապտել Ղանի Ժաուհար, Օպէյտ Ապտել Քուֆէյլ, Ուսամա Շեհապի, Ղազի Ապտալլա եւ Ապտել Ռահման Աուատ մահապատիժով դատապարտուեցան: Իսկ ուրիշներ, ինչպէս` Ապտել Քերիմ Մուսթաֆա, Ռաշիտ Մուսթաֆա, Խալետ Ժապըր, Մոհամետ Խտըր, Նատեր Ալի, Համզա Քասեմ, Մոհամետ Ազզամ, Այման Հընտաուի եւ Թարեք Մըրհի ստացան տաժանակիր աշխատանքով 15 տարուան բանտարկութեան վճիռը:
Նոյն թղթածրարին հարցով անպարտ հռչակուեցան Ալա Մըհրեզ, Մոհամետ Սէյֆ եւ Ալի Տանտան:
Դատավարութիւններուն ընդմէջէն Արդարութեան խորհուրդին համար յստակ դարձաւ, որ արմատական եւ ծայրայեղական իսլամականներու երեք ցանցեր գոյութիւն ունին Այն Հելուէի եւ Պըտտաուի գաղթակայաններուն մէջ, իսկ անոնք իրենց կարգին կապուած են Ֆաթհ իսլամի եւ ուղղակի կապեր ունին Քայիտայի հետ:
Արդարութեան խորհուրդը շեշտեց, որ Ֆաթհ իսլամի ղեկավարութիւնը փոխանցուած է Աուատի, Շեհապի եւ Ապտալլայի, որոնք կը գտնուին Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, ուր անոնք ծրագրած են բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ յարձակումը` Նահր Պարետի մէջ անոնց կրած պարտութեան համար:
Արդարութեան խորհուրդը դիտել տուաւ նաեւ, որ անոնք յաջողած են մեծ թիւով երիտասարդներ «զինուորագրել» եւ զանոնք լիբանանեան պետութեան ու բանակին դէմ լարել:
Թրիփոլիի բնակիչները մերժեցին շէյխ Թարեք Մըրհիի դէմ արձակուած վճիռը, բողոքի ցոյց մը կատարեցին Նուր հրապարակին վրայ եւ օդին մէջ կրակեցին` ուղղուելով դէպի հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Թրիփոլիի բնակարանը:
Բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս հակակշիռի տակ առին կացութիւնը, իսկ աւելի ուշ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան հանդիպում մը ունեցած է Մըրհիի ընտանիքէն պատուիրակութեան մը հետ եւ անոնց փոխանցած է, որ անոնց զաւակը Պըհսասի պայթումին առումով անպարտ հռչակուած է, սակայն ամբաստանուած է ահաբեկչական ցանցի մը պատկանելու յանցանքով:

