Միացեալ Նահանգներ Մինսքի Խմբակի Նոր Համանախագահ Նշանակած Են

Ճէյմս Ուորլիք

«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երկուշաբթի օր յայտարարած է Ճէյմս Ուորլիքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ նշանակելու որոշումը:

«Ան առաջին կարգի դիւանագէտ է, եւ ես վստահ եմ, որ հրաշալի աշխատանք պիտի կատարէ այդ կարեւոր պաշտօնին վրայ: Միացեալ Նահանգներ առաջուան պէս հաւատարիմ են երկու կողմերուն օգնելու հարցին մէջ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարատեւ եւ խաղաղ լուծում գտնուի», ըսուած է Քերրիի յայտարարութեան մէջ:

Ուորլիք իր պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ սեպտեմբերին:

Նախապէս ան եղած է Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ: Ան վարած է Պուլկարիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը (2009-2012), ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ այլ կարեւոր պաշտօններ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ, մեկնաբանելով Ուորլիքի նշանակումը, յոյս յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման իրենց ջանքերը ամրապնդեն եւ այդ ուղղութեամբ աւելի վճռական եւ պատշաճ մօտեցում մը ցուցաբերեն:

Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր համանախագահող երկիր իր մօտեցումը ունի եւ այդ մօտեցումը անփոփոխ կը մնայ իբրեւ համանախագահ գործող դիւանագէտին փոփոխութենէն անկախ: Բանբերը աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը տակաւին չէ լուծուած Հայաստանի ապակառուցողական կեցուածքին պատճառով, եւ Ազրպէյճան մտահոգ է, որ ատոր նկատմամբ միջազգային համայնքին կողմէ պատշաճ հակազդեցութիւն մը չկայ:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի մարմինի ղեկավար Արամ Համբարեան անդրադառնալով Ուորլիքի նշանակման հարցին մարմինի դիմատետրի էջին վրայ զետեղած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, որ «մենք չենք կրնար աւելի օգտակար խորհուրդներ տալ համանախագահ Ուորլիքի, որ նման կարեւոր պաշտօն կը ստանձնէ, քան այն խօսքերը, զորս ըսած է մեր նախագահը, որ Սպիտակ տուն մտած է` հրապարակաւ վստահեցնելով հայերուն, թէ պիտի աշխատի յօգուտ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խնդիրի վստահելի ու երկարատեւ լուծման` միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ մնալով Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութեան ու ինքնորոշման սկզբունքներուն»:

 

Share this Article
CATEGORIES