«Արձակազէններու Կրակոցին Համարժէք Պատասխան Պիտի Տանք» Կ՛ըսէ Արծրուն Յովհաննիսեան

«2 օգոստոսին ազրպէյճանական կողմը, ապատեղեկացնելով միջազգային հանրութիւնը եւ իր իսկ քաղաքացիները, մատնանշեց իր խաղաղ բնակիչին վիրաւորուելու փաստը եւ ատիկա վերագրեց հայկական զինեալ ուժերուն», ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ վերջին օրերուն ազրպէյճանական կողմը սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով կ՛օգտագործէ արձակազէններու կրակոցը` միաժամանակ աւելցնելով, որ «Հայկական զինեալ ուժերը պիտի պատասխանեն համարժէք գործողութիւններով այնքան ատեն, որ ազրպէյճանական կողմը չի հրաժարիր իր սադրանքներէն»:

Յովհաննիսեան նշեց, որ ինչպէս միշտ, իրավիճակի լարման եւ կորուստներու համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը մնայ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ուսերուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )