Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ տնային գործերով պիտի զբաղիք, մի՛ մոռնաք երաժշտութիւնը, որ եթէ պարի եղանակներով ըլլայ, թեթեւ կ՛անցնի ձեր յոգնութիւնը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ուզէք ձեր օրը յատկացնել մարզանքի եւ զուարճութեան: Երկուքն ալ կրնաք ընել առանց չափազանցութեան գիրկը իյնալու: Օրը լաւ է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան հանդիպում մը հաճելի եւ զուարթ տրամադրութիւն պիտի ստեղծէ բոլորին համար: Նման առիթներ հազուադէպ են, կրնան նորութիւններ եւ աշխուժութիւն ստեղծել ձեր շուրջը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը յարմար է հրաւէր մը տալու ձեր հարազատներուն, որոնցմէ հեռու էիք ատենէ մը ի վեր: Միացէք այս առիթով, շատ գոհ պիտի մնաք, նաեւ նոր ծրագիրներ պիտի մշակէք յաջող ապագայի մը համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գնահատեցէք այն առաւելութիւնները, զորս ձեզի կը շնորհէ բնութիւնը: Արժեւորեցէք կեանքը` սիրալիր տրամադրութեամբ ապրելով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը ունի անակնկալ բարիքներ, բախտին հետ հանդիպումներ: Հարկ է ուրախանալ եւ ձեր ուրախութեան մասնակից դարձնել ձեր շրջապատը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի օգտուիք ամառնային այս եղանակին շնորհած առիթներէն` նոր ծրագիրներ մշակելու եւ կարգ մը հարցերու վերանայելու: Կ՛օգտուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր բարեկամներ պիտի ունենաք այս ամառ, ձեր տեղափոխութիւններուն կամ ճամբորդութեան ընթացքին: Կեանքը կը գեղեցկանայ լաւ նորութիւնով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նորութիւններ կան ձեր կեանքին մէջ, փոփոխութիւն, բայց մի՛ աճապարէք, ամէն ինչ կը կարգադրուի քայլ առ քայլ, հանգրուաններով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճամբորդութիւն մը առիթներ պիտի ստեղծէ ձեզի` նորութիւններ ունենալու: Բախտը պիտի քալէ ձեզի հետ դէպի յաջողութիւն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Որոշեցէք ձեր ծրագրին վերաբերեալ ձեր կեցուածքը: Սահմանեցէք նիւթին արժէքը` նոյն ատեն համբերութեամբ սպասելով արդիւնքին: Խոհեմ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գործատեղիին մէջ մրցակից չունիք, օրը պիտի անցնի բնական ընթացքով, հետեւաբար ձեր աշխատանքները կատարեցէք ըստ ձեր կշռոյթին: