50 Տարի Առաջ (8 Օգոստսո 1963)

Խմբագրական

Աւերակաց Երկրին Մէջ

Մեր այսօրուան թիւին երրորդ էջին մէջ կը կարդաք ուշագրաւ լուր մը: Մեծահարուստ թուրք ոը որոշած է Պոլսոյ մէջ կառուցել չորս միլիոն ոսկի արժէքով հազար հոգինոց նոր մզկիթ մը, եւ այս մեծածախս գործին ճարտարապետը Ստեփան Արաթան անունով հայ մըն է:

Կրօնասէր բարերարը, յայտարարութիւն մը ընելով թերթերուն, կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ նման կարեւոր ձեռնարկի մը իրագործումը վստահած է հայու մը: Իբր թէ թուրք ճարտարապետները շատ սուղ գին ուզած են, մինչ հայը ընդունած է ձրիաբար կառուցել մզկիթը:

Հաւանաբար ճիշդ է վերջին հաստատումը, բայց կը կասկածինք, թէ ատիկա եղած ըլլայ բուն պատճառը բարերարին որոշման: Հայ ճարտարապետին, եւ ընդհանրապէս` հայ ճարտարապետներուն ձեռնհասութիւնը եւ կարողութիւնը շատ աւելի մեծ դեր կրնան խաղացած ըլլալ, քան` նիւթական հաշիւները, որոնք նման պարագաներու երկրորդական դեր կը կատարեն:

Իրականութիւնն այն է, որ Ստեփան Արաթան ո՛չ առաջին հայն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ ապահովաբար, իր տաղանդն ու կարողութիւնները Թուրքիոյ ծառայութեան մէջ դնելու համար:

Պոլիսը, Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի մայրաքաղաքը, որով կը հպարտանային սուլթանները, եւ կը հպարտանան նաեւ այսօրուան վարիչները, իր ճարտարապետական գրեթէ բոլոր կոթողները կը պարտի հայկական հանճարին ու տաղանդին:

Պարագան նոյնն ըլլալով հանդերձ ազգային մշակութային գործունէութեան զանազան մարզերուն մէջ, ինչպէս` երաժշտութիւն, նկարչութիւն ու նաեւ առեւտուր, ուր մեր հայրենակիցները միջազգային համբաւի արժանի գործերով հարստացուցած են այլապէս աղքատ Թուրքիան, ճարտարապետութիւնը այն հիմնական տարրն է, որ իր մնայուն հանգամանքով եւ շօշափելի փաստով ամէնէն աւելի ակներեւ կերպով ցոյց կու տայ հայութեան նպաստը թուրք մշակոյթին:

Պոլսոյ ճոխութիւնն ու հարստութիւնը` իր կոթողական եւ անկորնչելի արժէքներով, գլխաւորաբար արդիւնք են հայ ժողովուրդի ընտիր զաւակներուն ստեղծագործ մտքին, որմէ առաւելագոյն չափով օժտուած է սուլթաններու երկիրը` կարենալ մտնելու համար քաղաքակիրթ ազգերու շարքին:

Հակառակ բոլոր տեսակի հալածանքներուն եւ ջարդերուն` հայութիւնը չէ կրցած հրաժարիլ իր հիմնական առաքինութենէն, շինելու եւ ծաղկեցնելու իր ազգային կիրքէն, նոյնիսկ հարստահարող պետութեան մայրաքաղաքին մէջ, ուր Մեծն Սինան մը, զոր իւրացնելու թրքական բոլոր փորձերը ապարդիւն մնացած են, իր հանճարին դրոշմը դրած է մեծարժէք գործերու շարանի մը վրայ: Պոլսական բազմաթիւ մզկիթներ, պալատներ, սուլթանական ապարանքներ, օսմանեան խորհրդարանի հոյակապ շէնքը` Ջրաղանի պալատը հայ ճարտարապետներու ստեղծագործ մտքին արգասիքն են:

Ի՞նչ եղած է այս բոլորին վարձատրութիւնը:

Պատմութեան ամէնէն տխուր էջն է այդ: Ապերախտութեան գլուխ գործոց մը: Միլիոններու աքսոր, ջարդ, կողոպուտ, հրդեհ եւ աւերում:

Մեծն Սինանով, Պալեաններով, Թադէոսով եւ բազմաթիւ այլ հայազգի տիտաններով հպարտացող Թուրքիան, անյատակ վայրագութեամբ մը, մոնկոլական խաւարամտութեամբ մը բնաջինջ ըրած է այդ մեծարժէք մարդոց ծնունդ տուող ժողովուրդը, որուն երբեմնի շէն քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ այսօր բուեր կը վայեն:

Անցած են քառասունէ աւելի տարիներ հուրի ու արեան այդ անպատմելի օրերէն, ու այսօր, Անատոլուի խորերը, ուր ատենօք բարգաւաճ եւ խաղաղ ժողովուրդ մը կ՛ապրէր, քաղաքակրթութեան համար անթափանցելի երկիր մըն է, ուր կը մնան միայն բեկորները երբեմնի մեր վանքերուն եւ փարթամ հաստատութիւններուն: Արդիակա՜ն Թուրքիան քար մը չէ դրած քարի վրայ` յետամնաց տգիտութեան տիղմին մէջ պահելով իր քաղաքացիները:

Իսկ անդին, Պոլսոյ մէջ, մզկիթի մը ճարտարապետութիւնը դարձեալ հայու մը կը վստահուի:

Խոստովանութիւն մըն է ասիկա, լուռ, անհերքելի, վճռական: Շատ աւելի պերճախօսական զղջումի բոլոր արտայայտութիւնները, որոնք երբեմն կը լսուին թրքական մամուլի էջերէն:

 

Գարեգին Վրդ. Սարգիսեան Մոնրէալի Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեան քանի մը շաբաթէ ի վեր կը գտնուի Քանատա, Մոնրէալ, ուր գացած էր մասնակցելու համար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հաւատք եւ կարգ կոչուած միջազգային համաժողովին:

«Ազատ օր»-ի թղթակիցին հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է հայր սուրբը:

Ժողովը` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (Ուորլտ Քաունսըլ աւ Չըրչըս) Հաւատք եւ կարգ կոչուած բաժանմունքին գումարուած միջազգային համաժողովն էր, (12-26 յուլիս), որ տասը տարին մէկ անգամ կը գումարուի: Նախորդը գումարուած էր Շուէտի Լունտ քաղաքին մէջ, 1952-ին:

Ներկայ էին 300 պատգամաւորներ, որոնց շարքին նաեւ` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ երկու ներկայացուցիչները. Էջմիածնի կողմէ Տիրան արք. Ներսոյեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով` Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեան: Կային նաեւ երկու հարիւրի մօտ դէտեր, խորհրդականներ, հրաւիրեալներ եւ երիտասարդական շարժումներու ներկայացուցիչներ:

Ժողովին գլխաւոր առարկան էր քննել այն հիմնական աստուածաբանական հարցերը, որոնք առիթ եղած են եկեղեցիներու բաժանման: Տենդագին աշխատանքի երկու շաբաթներ եղան ժողովի օրերը, որոնց ընթացքին նախապէս կազմուած ծրագրի մը վրայ եւ պատրաստուած տեղեկագիրներու լոյսին տակ քննուեցան աստուածաբանական շատ լուրջ հարցեր:

Այսպէս, համաժողովը հինգ խումբերու բաժնուեցաւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին ենթայանձնախումբեր կազմեց քննելու համար առաջարկուած նիւթերուն մանրամասնութիւնները:

Առաջին խումբը զբաղեցաւ «Քրիստոս եւ իր եկեղեցին» նիւթով: Երկրորդը` «Սուրբ գիրք, աւանդութիւն եւ աւանդութիւններ» նիւթով: Այս խումբին քարտուղարն էր նշանակուած Գարեգին ծ. վրդ.: Երրորդ խումբը զբաղեցաւ «Եկեղեցին եւ նուիրապետութիւնը» նիւթով: Չորրորդին նիւթը եղաւ «Պաշտամունքը», մասնաւորաբար պաշտամունքը յարաբերաբար արդի աշխարհին, մկրտութիւնը եւ հաղորդութիւնը: Հինգերորդ խումբը զբաղեցաւ յարանուանութիւններու հարցով:

Գարեգին ծ. վարդապետ քանի մը առիթներով արտայայտուեցաւ թէ՛ ընդհանուր ժողովին եւ թէ՛ խումբին նիստերուն: Երկու առիթներով հեռատեսիլի վրայ խօսեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու մասին:

Բացի ժողովի աշխատանքներէն` հայր սուրբը հայ գաղութի կեանքին եւս բերաւ իր մասնակցութիւնը` երեք անգամ պատարագելով եւ քարոզելով եւ այլ առիթներով ալ խօսելով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES