ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ 8 ՅՈՒՆԻՍԷՆ ԱՌԱՋ ԿԱՐԵԼԻ ԸԼԼԱՅ

Վարչապետ Միքաթի, Տէյվիտ Հոյլ եւ դեսպան Կայ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազըմ երիտասարդական միութեան պատասխանատուներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան իր սկզբունքները տակաւին կը կեդրոնանան Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու եւ երկրին սահմանադրութեան կառչած մնալու հասկացողութիւններուն վրայ:

«Երբ այս սկզբունքները կը յարգուին եւ կը գործադրուին, ապա կառավարութեան յայտարարութիւնը կարելի կը դառնայ: Կը մաղթեմ, որ կառավարութիւնը 8 յունիսէն առաջ կարելի ըլլայ կազմել, որպէսզի վերջ տրուի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին սահմանադրական ըլլալուն մասին ստեղծուած տարակարծութեան», շեշտեց ան:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով կատարուող հաղորդակցութիւնները բաւական աշխուժ են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէնէն մօտիկ ապագային այդ բարդութիւնները եւ խոչընդոտները լուծել: Ան յոյս յայտնեց, որ քաղաքական որոշ ուժեր իրենց պահանջներն ու պայմանները թեթեւցնեն, որպէսզի Լիբանանի ազգային շահերը առաջնահերթ նկատուին:

Վարչապետը հաստատեց, որ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի բարգաւաճումը իրեն համար առաջնահերթութիւն կը նկատուի` անձնական եւ պաշտօնական մակարդակի վրայ: Ան աւելցուց, որ Թրիփոլիի երեսփոխաններուն միջեւ գործակցութիւնը պէտք է աշխուժանայ` շրջանի բարգաւաճման նպատակով, հակառակ անոնց միջեւ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններուն:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց նաեւ լիբանանցի երիտասարդներուն դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը`  նկատի ունենալով, որ անոնք երկրին ապագան կը ներկայացնեն:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Իրաքի Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ժաաֆար Իպրահիմի:

Վարչապետին այցելուներէն եղաւ նաեւ բրիտանացի պետական նախարար Տէյվիտ Հոյլը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Մերի Կայի:

ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի գործավար նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ յայտնեցին, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 8 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին` հաւատարիմ մնալու համար իրենց այն կեցուածքին, թէ լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը պէտք չէ սրել: Այս առիթով անոնք շեշտեցին, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը պէտք է արագացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES