ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԱՅԵԶ ՇՔԸՐԸ

Շքըր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաաս կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըրը:

Հանդիպումէն ետք Շքըր յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ` աւելցնելով, որ միակ լուծումը կը նկատուի խորհրդարանը, որովհետեւ անիկա երկրին իշխանութիւններուն աղբիւրն է:

Շքըր ընդգծեց, որ Պըրրի, ըստ սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, յառաջիկայ 8 յունիսին խորհրդարանը հրաւիրած է օրէնսդրական նիստի մը: Ան խստիւ դատապարտեց խորհրդարանի դիւանի անդամներուն կողմէ առնուած ընդդիմադիր  քայլերը` աւելցնելով, որ անոնք անշուշտ քաղաքական շահեր կը հետապնդեն այդ իմաստով:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հաւանականութեան` Շքըր նկատել տուաւ, որ խորհրդարանական նոր մեծամասնութիւնը բաւական լաւատես է կառավարութեան կազմութիւնը  յայտարարելու առումով` աւելցնելով, որ այժմու լաւատեսութեան լրջութիւնը կարելի է փաստել յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին:

Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթին հետ  ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դրական է` աւելցնելով, որ այդ առումով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

 

Share this Article
CATEGORIES