«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՆՇԱՆԱԿԵԼՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԻՋՈՑՆ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով արձանագրուած նորագոյն զարգացումները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան տնտեսութեան ճկունութիւնը եւ լիբանանեան զարգացումներուն հետ անոր արագ ընտելացումը, այդ տնտեսութեան նկատմամբ վստահութեան երաշխիք է` ներքին եւ արտաքին առումով:
Նախագահ Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի:
Հանդիպումին ընթացքին Թարապէյ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց Լիբանանի մէջ դրամատուներուն պարզած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակման կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման իր կարգին ընդգծեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ նշանակելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է պահպանել երկրին տնտեսական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան աշխատանքները հեզասահ կերպով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակման առումով սահմանադրական լաւագոյն լուծումը կառավարութեան կազմութիւնն է:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Պէյրութի մէջ ատամնաբուժներու համաշխարհային գիտաժողովին մասնակցող ատամնաբուժներու մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յաջողութիւն մաղթեց այդ գիտաժողովին` բարձր գնահատելով անոր կազմակերպումին համար ի գործ դրուած ջանքերը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Վերակառուցման եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նապիլ Ժսըրը:
ՆՇԵՆՔ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահը պատրաստ է ընդունելու որեւէ առաջարկ, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ արագացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը: