50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 6 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

Ն. ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ճիշդ քառորդ դար առաջ Համազգայինի Ն. Փալանճեան Ճեմարանը տուաւ իր անդրանիկ հունձքը: Շանթերու եւ աղբալեաններու շունչով թրծուած այդ սերունդին առաջին մտահոգութիւնը եղաւ հիմքը դնել շրջանաւարտից միութեան մը` հանրային եւ մշակութային գետնի վրայ գործօն ուժ մը ստեղծելու ծրագրով: Եւ քսանհինգ տարի անընդմէջ պահեց իր ներկայութիւնը զոյգ ասպարէզներուն մէջ` մասնակից դառնալով գաղութիս հոգեկան ու իմացական վերելքին: Ահա այս յաղթանակը տօնելու համար միութեան վարչութեան իր անդամները հրաւիրած էր ճաշկերոյթ երեկոյթի մը, որ տեղի ունեցաւ ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ,  շաբաթ, 27 մայիս, երեկոյեան ժամը 9:00-ին:

Բացի շրջանաւարտ – շրջանաւարտուհիներէ, հրաւիրուած էին Համազգայինի Կեդրոնական եւ տեղական վարչութիւնները, ճեմարանի տնօրէնութիւնը, Համազգայինի թատերասէրներու վարչութիւնը:

Միութեան ատենապետ Եփրեմ Քէշիշեան բացաւ հանդէսը եւ հրաւիրեց տոքթ. Բ. Փափազեանը, որ ստանձնէ օրուան սեղանապետութիւնը:

Իր առաջին խօսքին մէջ յարգելի սեղանապետը ոգեկոչեց նախ յիշատակը կեանքէն առյաւէտ բաժնուած միութեան անդամ-անդամուհիներու, ինչպէս նաեւ` հիմնադիրներու եւ ուսուցիչներու եւ յոտնկայս յարգել տուաւ անոնց յիշատակը ներկաներուն:

Ապա, տօնախմբութեան կերուխումին զուգահեռ եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, գործադրեց նախապէս պատրաստուած աւուր պատշաճի յայտագիր մը:

Խօսք առաւ Ճեմարանի վերջին սերունդին կողմէ` Գ. Նգրուրեանին, միջին սերունդի կողմէ` Յ. Գեղարդին, անդրանիկ սերունդին կողմէ` Արմինէ Փափազեանին:

Յանուն Ճեմարանի տեսչութեան` խօսեցաւ Ս. Վրացեան, ուսուցչական կազմի կողմէ` Կ. Սասունի, Համազգայինի թատերասէրներու կողմէ` Ս. Շանթ:

Խօսք առին նաեւ Ճեմարանի առաջին ընթացաւարտներէն Հրանդ Մուրատեան, Համազգայինի տեղական վարչութեան ներկայացուցիչներէն Լիւսի Տէր Մելքոնեան եւ հաստատութեան սկիզբի օրերէն շանթերու եւ աղբալեաններու հետ պարտականութեան գլուխ անցնող եւ ցարդ պատնէշի վրայ մնացող բոլորին «Մայրիկը»` տիկին Գոհարը:

Արտասանուած սրտաբուխ խօսքերուն մէջ ոգեկոչուեցան անհետացող մեծ դէմքերը, սիրելի ընկերները, յիշատակուեցան դրուագներ դպրոցական կեանքէն, բայց մասնաւորաբար շեշտը դրուեցաւ Ճեմարանի Շրջանային Միութեան կատարած ու կատարելիք դերին վրայ: Ընդհանրապէս 25 տարուան գոյութիւնը ինքնին յաղթանակ մը նկատուեցաւ եւ գոհացուցիչ` կատարուած մշակութային աշխատանքը: Ընդգծուեցաւ, նոր ճեմարանականներ անհատաբար, աւելի ճիգ կը սպառեն եւ տեղ կը հասնին անձնական եւ ընկերային կեանքին մէջ` իրենց ուժերը ի սպաս դնելով այլ միութիւններու աշխատանքներուն, որմէ կը տուժէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան հաւաքական աշխատանքը: Ակնարկուեցաւ, որ կապուած մնալով հանդերձ այլ միութիւններու եւ ազգօգուտ աշխատանքներու, ճեմարանականները պարտականութիւն ունին հաւաքաբար ուժ մը կազմելու, քալելու իրենց ռահվիրաներուն գաղափարական վերասլաց ուղիէն` ողջունելու համար միութեան 50-ամեայ ոսկէ յոբելեանը` արժանավայել փառքով եւ բերքով:

Բացի խօսողներէն, մեներգեցին Զեփիւռ Շանթ եւ ընթացաւարտուհիներէն Լ. Շիրինեան: Արտասանեց Միսաք Ապաճեան:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը, որմէ ետք սեղանապետը հուսկ բանքով մը, ուր շեշտեց հոգւոյն եւ մտքին մէջ ճեմարանականը յատկանշող պիտակ մը կրելու անհրաժեշտութեան մասին, փակեց հանդէսին պաշտօնական մասը:

Ժամը 1:00-ին մօտ էր, երբ անդամ անդամուհիները սկսան հետզհետէ հրաժեշտ առնել` իրենց հետ տանելով արդար գոհունակութեան եւ ուրախութեան շուքին` պարտականութեանց գիտակցութիւնը եւ նոր ուխտի մը երդումը:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

Share this Article
CATEGORIES