ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ. ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ` ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈ՞ՅՆԸ
ԱՆՈՆՔ ՏԱՐԱԶ ՉԵՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵՐ, ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ ԿԱՏԱՐԵՐ, ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ ՉԵՆ ԳԱՆՁԵՐ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՒ ՉԵՆ ԲԱԺՆՈՒԱԾ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ԴԻՐՔԵՐ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ՍՈՐՎԻԼ ԱՆԿԷ:
Աշխատանքը նոյնքան դժուար է, որքան` Օքսֆորտի եւ Քէյմպրիճի համալսարաններուն ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող դասանիւթերուն համար լաւագոյնները ընտրելը: Իւրաքանչիւր տեղ ունի 16 թեկնածու եւ 2000 դիմողներէ ձեւով մը պէտք է ընտրուի միայն 120 հոգի, մինչեւ որ սկսին դասաւանդութիւնները: Սակայն խօսքը չի վերաբերիր Բրիտանիոյ ամէնէն մակարդակաւոր համալսարաններուն իրաւաբանութեան եւ բժշկագիտութեան բաժանմունքներուն, այլ` Ֆինլանտայի, ուր դիմողները ոգի ի բռին կը ձգտին պաշտօնի մը, որ երկրին ամէնէն աւելի սիրուած գործի մարզերէն է, այսինքն` ուսուցչութեան:
Ֆինլանտա այն երկիրն է, որ վերջին տասնամեակին տեւաբար գրաւած է առաջնակարգ դիրք` բարգաւաճ աշխարհի կրթական համակարգերու մակարդակներու միջազգային ցուցակներուն մէջ: Անգլիոյ կրթութեան նախարար Մայքըլ Կով սկսած է մօտէն սերտել Ֆինլանտայի կրթական քաղաքականութիւնը, տեսնելու համար, թէ ի՛նչ կարելի է սորվիլ ֆինլանտացիներէն` բարելաւելու համար Անգլիոյ կրթական մակարդակը: Ֆինլանտայի առաջնակարգ դիրքը հիմնուած է աշխարհի տարածքին 15 տարեկան մանուկներու կարդալու, ուսողութեան եւ գիտութեան կարողութիւնները չափող քննութիւններուն (Փրոկրամ ֆոր ինթըրնեշընըլ սթիւտընթ ասեսմընթ) վրայ: Այս քննութիւններուն արդիւնքները կը հրապարակուին Տնտեսական գործակցութեան եւ բարգաւաճումի կազմակերպութեան կողմէ (Օ. Ի. Սի. Տի.):
Հելսինքիի համալսարանին Ուսուցիչներու պատրաստութեան բաժանմունքին գլխաւոր պատասխանատուն` Եարի Լաւոնեն ոմանց կարծիքով կը վարէ ամէնէն նախանձելի պաշտօնը, որովհետեւ ի՛նք կ՛ընտրէ ուսուցչական կրթութեան դիմող թեկնածուներէն ամէնէն արժանաւորները: Ան կասկած չունի, թէ Ֆինլանտա ինչպէ՛ս հասած է այս դիրքին: «Որոշեցինք, թէ բոլոր ուսուցիչները պէտք էր ունենային մագիստրոսի վկայական, ինչ որ ուսուցչութիւնը կը դնէր իրաւագիտութեան եւ բժշկագիտութեան հաւասար մակարդակի վրայ,- կ՛ըսէ ան:- Հետեւաբար ուսուցիչներու պատրաստութիւնը շատ գրաւիչ է»: Թիւերը ցոյց կու տան, թէ այնուհետեւ ամէնէն նպատակասլաց երիտասարդները սկսած են որդեգրել ուսուցչութեան ասպարէզը` անոր ստացած նոր մակարդակին պատճառով:
Ուսուցչական կրթութեան դիմող անձերէն ամէնէն առաջ կը պահանջուի կարդալ գիրք մը, որպէսզի անոնք հետագային ներկայանան ծանր քննութեան մը, որուն նպատակն է չափել, թէ ի՛նչ տարողութեամբ հասկցած են գիրքը: Ապա լաւագոյն 300 դիմողներուն հետ կը կատարուի հարցազրոյց մը, եւ անոնցմէ կ՛ընտրուի միայն 120-ը, որպէսզի ստանձնեն առաջարկուած պաշտօնները: «Կ՛ուզենք գիտնալ, թէ տուեալ անձը որքա՛ն ատակ է ուսուցչութեան,- կ՛ըսէ Լաւոնեն:- Անցեալ տարի շատ աւելի դժուար էր ընդունուիլ նախակրթարանի ուսուցչութեան բաժանմունքի ծրագիրներուն մէջ, քան` բժշկագիտական բաժանմունքին: Մրցակցութիւնը շատ աւելի սուր էր»:
Կով արդէն յայտնած է, թէ պատրաստ է հետեւելու ֆինլանտական ուղիին: Աշխարհի լաւագոյն կրթական մակարդակը ունեցող երկիրներուն` Սինկափուրի, Հարաւային Քորէայի եւ Ֆինլանտայի հասարակաց եզրը այն է, թէ անոնք կրթական մարզին մէջ կը ներգրաւեն լաւագոյն տաղանդները` հաստատելով ընդունման բարձրագոյն չափանիշներ: Կով կը մտածէ այս գաղափարը կիրարկել` սահմանափակելով թիւը ուսուցչական ասպարէզ մուտք գործող երիտասարդներուն եւ պահանջելով, որ անոնք ունենան համալսարանի նուազագոյն վկայականէն աւելի բարձր վկայական: Սակայն Կով արդէն թիրախ դարձած է քննադատութեան. ուսուցչական միութիւններ կը վիճին, թէ այս ձեւով Պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ ուսողութեան մասնագէտ Քարոլ Վորտըրմանի նման անձեր պիտի չկարենան կիրարկել ուսուցչական ասպարէզ: Անոնք կ՛առարկեն, թէ որոշ նիւթի մը փայլուն կերպով տիրապետած ուսուցիչներ անպայման լաւագոյն հաղորդակիցները չեն դասարանին մէջ:
Լաւոնեն այն մտավախութիւնը ունի, թէ օտար պետութիւններ պիտի քաղեն Ֆինլանտայի կրթական համակարգէն որոշ գաղափարներ եւ անտեսեն այլ բաներ: Ան կը վիճի, թէ հաւասարապէս կարեւոր է այլ կէտ մը. բոլորին համար ձրի եւ պարտադիր կրթական համակարգի ներմուծումը, որ ուսուցիչներու ընտրութեան հետ միասին կը ստեղծէ կրթական յաջող համակարգ մը: Ֆինլանտայի կրթական համակարգին մէջ ապօրինի է կրթաթոշակ պահանջելը: Հետեւաբար, նոյնիսկ սեփական դպրոցներ իրենց նիւթական աղբիւրները կը ստանան պետութենէն: Աւելի՛ն. դպրոցները համապարփակ են, որովհետեւ աշակերտներու ընտրութիւն չի կատարուիր:
Ֆինլանտայի դպրոցները նուազ պաշտօնական են եւ շատ աւելի հանգիստ զգացում մը կը պարգեւեն, քան` Բրիտանիոյ դպրոցները: Ճինզով եւ առանց օձիկի շապիկով այն մարդը, որ այցելուները կը դիմաւորէ Հելսինքիի համապարփակ Թայվալլահթի վարժարանին մէջ (ուր կը յաճախեն 7-16 տարեկան աշակերտներ), յայտնապէս անոր տնօրէնն է: Աշակերտները, ինչպէս Ֆինլանտայի բոլոր դպրոցներուն աշակերտները, տարազ չեն հագնիր: Անոնք կարգապահ կը թուին ըլլալ: Ոչ ոք կը նկարէ ուսուցիչը` անոր նկարը դնելու համար ԵուԹիուպի վրայ:
Ֆինլանտայի ուսուցիչները պարտաւոր չեն նպատակակէտերու հասնելու: Անոնք քննիչներու վախը չունին, ոչ ալ մտահոգութիւնը` մակարդակի դասաւորումներու մէջ իրենց դպրոցին դիրքը ապահովելու, պարզապէս որովհետեւ նման ցուցակներ կամ կրթական քննիչներ գոյութիւն չունին: «Ուսուցիչները ակադեմականներ են, լաւապէս պատրաստուած են իրենց ասպարէզին համար, հետեւաբար կը վստահինք անոնց,- կ՛ըսէ Լաւոնեն:- Ասիկա կարեւոր զգացում մըն է. կարիք չունենալ քննիչի: Նաեւ չունինք պետական քննութիւններու համակարգ: Ուսուցիչներուն վստահուած է իրենց աշակերտներուն կարողութիւնը չափելու գործը»: Հաւանաբար ասիկա արդիւնք է այն իրողութեան, թէ ճնշում չկայ նիշերը «բարեզարդելու»` լաւ արդիւնքներ ցոյց տալու համար դպրոցական մակարդակի ցուցակներու մէջ, որոնք արդէն գոյութիւն չունին:
Դասարանի մը մէջ աշակերտներուն թիւը եւս շատ աւելի փոքր է, քան` այլուր: Թայվալլահթի վարժարանին տնօրէնը` Քոսոնեն, իւրաքանչիւր դասարանի մէջ 20-է աւելի աշակերտ չի տեղաւորեր նախակրթարանի եւ միջնակարգի առաջին երկու կարգերուն մէջ: Դասարանները կը կազմուին խառն կարողութեամբ աշակերտներէ, որովհետեւ կրթական մարզը կը հաւատայ, թէ լաւապէս պատրաստուած ուսուցիչները բաւական ատակ են դասարանին մէջ աշակերտներուն տարբեր կարողութիւնները զարգացնելու: Երբ աշակերտներ չեն յաջողիր քայլ պահել, երկրորդ ուսուցիչ մը կ՛ուղարկուի դասարան, որպէսզի օգնէ աշակերտներուն յառաջդիմութեան:
Անշուշտ կը նպաստէ այն իրողութիւնը, թէ Ֆինլանտայի մէջ գոյութիւն չունին եկամուտի մեծ տարբերութիւններ: Հետեւաբար ընկերային դիրքերու նուաճումը առաջնահերթ հարց մը չէ այս երկրին մէջ: Թէեւ վիհի մը գոյութիւնը սկսած է զգալի դառնալ, եւ թերեւս Ֆինլատնա պէտք է շուտով սկսի մտածել այս մասին:
Քոսոնեն նաեւ կը մատնանշէ ֆինլանտական կեանքի այլ երեւոյթ մը, որ կը նպաստէ կարդալու քննութիւններու մէջ երկրին արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն. պետութիւնը արգիլած է բոլոր օտար ժապաւէններուն եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներուն ֆինլանտերէնի թարգմանութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մանուկներ երեկոյեան իրենց տուներուն մէջ կրնան անգլերէնի ամբողջ փառքով դիտել «Տալզիել էնտ Փասքօ»ի եւ Անն Ռոպինսընի «Տը ուիքեսթ լինք» ժապաւէնները` բարելաւելով անգլերէնի իրենց գիտութիւնը:
Բրիտանիոյ մէջ ուսուցչական միութիւններու անցեալ տարուան համագումարին գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը այն էր, թէ տնօրէններ անակնկալ կերպով դասարաններ կ՛այցելէին` ստուգելու համար իրենց ուսուցիչներուն մակարդակը: Քոսոնեն եւս կը կատարէ նման անակնկալ այցելութիւններ. ան իւրաքանչիւր ուսուցիչէ պահանջած է գտնել իր դասաւանդութիւնը զարգացնելու ծառայող միջոց մը: Սակայն ան ինքզինք չի նկատեր քննիչ մը:
Թայվալլահթի վարժարանին մէջ նախակրթարանի ուսուցչուհի մը` Նինա Քոսքինեն կ՛ըսէ. «Ուսուցիչները կը սիրեն լսել կարծիքներ` իրենց կատարած գործին մասին: Սակայն ձեւը ամբողջութեամբ տարբեր է: Բրիտանիոյ մէջ տնօրէններ պէտք է կատարեն մարզիչի դեր,- կ՛ըսէ ան` ակնարկելով քննութեան եւ հետաքննութեան վրայ հիմնուած անգլիական համակարգին:- Ի՞նչ է առաւելութիւնը ուսուցիչը հետաքննելու: Անիկա պարզապէս ճնշումի տակ կը դնէ զայն»:
Ֆինլանտայի եւ Անգլիոյ կրթական համակարգերուն միջեւ տարբերութիւնը միայն պարտադիր ուսումը չէ: Ֆինլանտայի մէջ 16 տարեկանէն ետք աշակերտներ կ՛որոշեն հետեւիլ ակադեմական կամ արհեստագիտական կրթութեան: Համալսարանական մակարդակի վրայ տարբերութիւն մը կայ ակադեմական կառոյցներու եւ արհեստագիտական հիմնարկներու կամ կիրառական գիտութիւններու յատուկ համալսարաններու միջեւ: Կայ նաեւ այն փոքրիկ հարցը, թէ Ֆինլանտայի համալսարանները տակաւին ձրի են` տեղացի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ ուսանողներու համար: Բրիտանացի երիտասարդ մը կրթաթոշակ պիտի չվճարէր Ֆինլանտայի մէջ: Թէեւ երկրին մէջ որոշ համալսարաններ սկսած են փորձարկել օտար ուսանողներէ կրթաթոշակ գանձելու որոշում մը, սակայն միայն քանի մը համալսարաններ կը կիրարկեն զայն:
Աշխարհի առաջնակարգ 100 համալսարաններուն ցանկին մաս կազմող Հելսինքիի համալսարանի տնօրէն Թոմաս Վիլհելմսոն կ՛ըսէ. «Առաւելագոյնը մտածած ենք միայն օտար ուսանողներէ կրթաթոշակ գանձելու մասին: Ձրի կրթութիւնը կը նկատուի Ֆինլանտայի պետութեան կողմէ ժողովուրդին բարօրութեան նպաստին կեդրոնական առանցքը: Բրիտանական համակարգը շատ վհատեցուցիչ օրինակ մըն է: Ուսանողներէն կրթաթոշակ պահանջել` կը նշանակէ դրամ գանձել ժողովուրդին բարօրութեան համակարգէն»:
Ասիկա շատ տարբեր համակարգ մըն է, եւ արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, թէ Ֆինլանտայի աշակերտութեան թիւը միայն 600 հազար է, բաղդատած` Անգլիոյ եւ Կալեսի 7 միլիոն աշակերտութեան: Սակայն գերմանացիները, չինացիները, թայերը, սպանացիներն ու աւստրիացիները տեւաբար «կ՛արշաւեն» դէպի Ֆինլանտա` յուսալով, որ պիտի կարենան ի յայտ բերել կրթական յաջողութեան գաղտնիքը: Կը մնայ տեսնել, թէ որքանո՛վ պիտի փափաքինք կապկել Ֆինլանտայի կրթական համակարգը:
Այսուհանդերձ, մտածում մը կը ծագի մեր ուղեղին մէջ, երբ կը դիտենք վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Ֆինլանտա դիմագրաւեց անցեալ ձմրան սաստիկ ձիւնը: Ձիւնը կուտակուած էր մինչեւ 80 սմ բարձրութեամբ, սակայն մայթերն ու փողոցները տաքցնող ստորերկրեայ ցանցերը շուտով մաքրած էին ամէն ինչ: Սառոյց փշրող մեքենաներ 30 վայրկեանի մէջ մաքրած էին օդակայանին էջուղին: Թերեւս պէտք է ուղարկել մէկը, որպէսզի ուսումնասիրէ նաեւ այս բաները:
ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ
Բոլոր ուսուցիչները պէտք է ունենան մագիստրոսի վկայական` նախքան ուսուցչութեան սկսիլը:
Պարտադիր կրթութիւնը կը սկսի 7 տարեկանին: Կամաւոր վարձատրութեամբ եւ խաղի վրայ հիմնուած մանկապարտէզի դասարաններ կան աւելի փոքր մանուկներու համար:
Պետական քննութիւններ, պետական քննիչներ կամ դպրոցներու մակարդակը ցոյց տուող ցուցակներ չկան: Պետութիւնը իբրեւ օրինակ նկատի կ՛ունենայ աշակերտի մը աշխատանքին 8-10 առ հարիւրը` որոշելու համար անոր մակարդակը:
Աշակերտներ ակադեմական կամ արհեստից վարժարաններ կը փոխանցուին 16 տարեկանին, 9 տարուան պարտադիր ուսումէ ետք:
Համալսարանական կրթաթոշակ չեն վճարեր ֆինլանտացի ուսանողները, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ ուսանողներ: Փորձարկութեան դրուած է այլ երկիրներէ ուսանողներու համար սահմանուած կրթաթոշակի վճարումը:
ԱՆԳԼԻՈՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ
Ուսուցչութիւնը բոլոր շրջանաւարտներուն համար կիրարկելի ասպարէզ մըն է, սակայն կը ծրագրուի հաստատել ձրի դպրոցներ` աշխատանք հայթայթելու համար ուսուցչութեան վկայականէ զուրկ անձերու:
Պարտադիր կրթութիւնը կը սկսի 5 տարեկանին:
Պետական քննութիւնները կը սկսին 11 տարեկանէն եւ դպրոցներու մակարդակը ցոյց տուող ցուցակներ կը կազմուին այս քննութիւններուն արդիւնքներուն հիմամբ:
Երկրորդական վարժարաններու ուսման մակարդակը ցոյց տուող ցուցակները կը կազմուին Ճի. Սի. Էս. Ի. եւ Էյ. լեւելի քննութիւններուն արդիւնքներուն հիմամբ, ինչպէս նաեւ` բացակայութիւններու համեմատութեան:
Ուսանողներ տարեկան մինչեւ 3000 փաունտի կրթաթոշակ պարտաւոր են վճարել անգլիական համալսարաններու մէջ: Գումարը 9 հազար փաունտի պիտի բարձրանայ մինչեւ 2012: Եւորպական Միութենէն տարբեր վայրերէ ուսանողներ պարտաւոր են վճարել տարեկան մինչեւ 28 հազար փաունտ:
ՃԱՓՈՆՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ
ԳԵՐԱԶԱՆՑ` ՎԱՐՄՈՒՆՔԻ ՄԷՋ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՃԱՓՈՆՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԻՐԹ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՆ ԵՆ, ԻՍԿ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ ՎԱՏԹԱՐԱՑԱԾ ՎԵՐՋԻՆ 10 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Դասարանին մէջ պատանիներուն վարմունքը հետզհետէ կը բարելաւուի եւ ոչ թէ կը վատթարանայ , ինչպէս կը հաստատէ համաշխարհային ուսումնասիրութիւն մը, որ ճափոնը կը դասէ աշխարհի ամէնէն կիրթ աշակերտները ունեցող երկիրներու ցանկին գագաթին:
Տնտեսական գործակցութեան եւ բարգաւաճումի կազմակերպութեան (Օ. Ի. Սի. Տի.) կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրի մը համաձայն, դասարաններու մէջ կարգապահական նուազ խանգարումներ արձանագրուած են 2009-ին, քան` 2000-ին:
Բրիտանիոյ մէջ աշակերտներուն վարմունքը միջազգային միջինէն աւելի լաւ է:
Սակայն ասիական երկիրներն ու շրջանները կը տիրապետեն լաւ վարմունքի մակարդակներու ցուցակներուն գագաթին:
Օ. Ի. Սի. Տի. հրապարակած է վարմուքի վիճակագրութիւններու վերաբերող վերլուծական տեղեկագիր մը` իբրեւ մէկ մասը միջազգային Փի. Այ. Էս. Էյ. ուսումնասիրութեան, որ կը բաղդատէ աշխարհի կրթական համակարգերը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ` «ՍԽԱԼ»
Ուսումնասիրողները դասարաններու մէջ կարգապահական խախտումները քննած են` չափելով այն ժամանակը, որ ուսուցիչ մը յատկացուցած է, որպէսզի 15 տարեկան աշակերտներ ի վերջոյ «հանդարտին» դասի ժամանակ:
Ուսումնասիրութիւնը ի յայտ բերած է, թէ հակառակ վատ վերաբերմունքի առնչուող համատարած մտահոգութիւններու, պատանիներ նուազ կ՛աղմկեն եւ կը խանգարեն այսօր, քան` 2000-ին:
«Ժողովրդային կարծիքը այն է, թէ աշակերտներու իւրաքանչիւր սերունդ նուազ կարգապահ է, քան` իր նախորդը, եւ թէ` ուսուցիչներ կը կորսնցնեն դասարանին մէջ աշակերտները իրենց հակակշիռին տակ պահելու կարողութիւնը: Սակայն ժողովրդային այս կարծիքը սխալ է», կ՛ըսէ Օ. Ի. Սի. Տի. ի տեղեկագիրը:
«Դասարանին մէջ կարգապահութիւնը չէ վատթարացած 2000-2009-ի միջեւ: Իրօք, բազմաթիւ երկիրներու մէջ բարելաւուած է անիկա», կ՛աւելցնէ ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնը:
Սակայն տարբերութիւններու վիհը մեծ է ուսումնասիրութեան մէջ ներառուած 38 երկիրներուն եւ կրթական շրջանային համակարգերուն միջեւ:
Ասիական երկիրներն ու շրջանները կը գրաւեն առաջին 10 դիրքերէն 7-ը: Միւս երեք դիրքերը կը գրաւեն Արեւելեան Եւրոպայէն երկիրներ:
Առաջնակարգ չորս դիրքերէն երկուքը կը պատկանին կրթական չինական համակարգերու` Շանկհայի եւ Հոնկ Քոնկի մէջ: Ասիկա ցոյց կու տայ Չինաստանի դիրքը իբրեւ կրթական յաջորդ գերուժը:
Գրաճանաչութեան կարողութիւնը չափող Փի. Այ. Էս. Էյ. ի քննութիւններու արդիւնքներուն դասաւորումին մէջ, որ հրապարակուեցաւ դեկտեմբերին, Շանկհայի կրթական համակարգը կը գրաւէ աշխարհի բարձրագոյն դիրքը:
Վարմունքի վերաբերող նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ Բրիտանիա կը գրաւէ 28-րդ դիրքը` Միացեալ Նահանգներէն եւ Գերմանիայէն ետք, սակայն աւելի առաջնակարգ է, քան` Ֆրանսա եւ Իտալիա:
Բրիտանիոյ պարագային` ուսումնասիրութիւնը վարմունքի ուշագրաւ տարբերութիւններ նկատած է ընկերային տարբեր պատկանելիութեամբ աշակերտներ ունեցող դպրոցներու միջեւ:
Այսպէս, ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ ամէնէն աւելի առաւելութիւններ վայելող աշակերտներ ունեցող դպրոցներուն 25 առ հարիւրին քով վարմունքի շատ աւելի լաւ մակարդակ նկատուած է, քան` առաւելութիւններէ զուրկ աշակերտներ ունեցող դպրոցներու 25 առ հարիւրին:
Այս ցուցակին ամէնէն վարը կը տեսնենք սկանտինաւեան շարք մը երկիրներ, որոնք սովորաբար կը գրաւեն առաջնակարգ դիրքեր` կրթական մակարդակ չափող միջազգային քննութիւններու մէջ:
Ֆինլանտա, որ սովորաբար կը գրաւէ առաջնակարգ դիրք` իբրեւ աշխարհի կրթական ամէնէն բարձր մակարդակով երկիրը, վարմունքի ցուցակներուն մէջ ամէնէն ցած մակարդակի վերջին երեք երկիրներէն մէկն է: Անոր կը յաջորդեն Արժանթինն ու Յունաստանը` իբրեւ դասարաններու մէջ ամէնէն աւելի կարգապահական խախտումներ ունեցող երկիրները:
Սակայն ընդհանուր ուղղութիւնը դէպի վեր է, եւ նուազ խանգարումներ արձանագրուած են: Այ՛ս է տեղեկագիրին վիճարկութիւնը:
«Գլխաւոր գաղափարը այն է, թէ ոչ մէկ ապացոյց գոյութիւն ունի, որ պաշտպանէ այն կարծիքը, թէ դպրոցներու մէջ կարգապահութիւնը հետզհետէ սրող հարց մըն է», կ՛եզրակացնէ ուսումնասիրութիւնը:
ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԳԱՊԱՀ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՌԱՋԻՆ10 ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ
Ճափոն
Ղազախստան
Շանկհայ-Չինաստան
Ռումանիա
Հարաւային Քորէա
Ազրպէյճան
Թայլենտ
Ալպանիա
Ռուսական Դաշնութիւն
Աղբիւր` Օ. Ի. Սի. Տի. ի
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


