Միքայի Ֆութպոլիստը Պիտի Միանայ Պրակայի
Միքայի պատանի ֆութպոլիստ Սարգիս Շահինեան մեկնեցաւ Փորթուգալ` միանալու համար Պրակա ակումբին:
Պատանի ֆութպոլիստը, որ 18 տարեկան է, մայիսին յաջողութեամբ անցուցած էր իր փորձերը փորթուգալական Պրակա ակումբին հետ եւ այդ պատճառով ալ, ան մէկ տարուան համար փոխ պիտի տրուի այս ակումբին` մաս կազմելու համար անոր երիտասարդական կազմին:
Իսկ տարեշրջանի աւարտին, Սարգիս Շահինեանի ցուցաբերած արդիւնքներուն համեմատ, երկու խումբերը միասին պիտի բանակցին եւ պիտի որոշեն խաղացողին ապագան:
Յայտնենք, որ Շահինեան Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի խումբ հրաւիրուած է 11 օգոստոսին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումին` Ղազախստանի դէմ:
Պէտք է նշել նաեւ, որ այս տարուան Հայաստանի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի խաղերուն, Սարգիս Շահինեան Միքայի հետ մրցած է Փիւնիկի դէմ:


