ԼՕԽ. Շնորհակալական Նամակ

Պատուարժան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւն

Սիրելի ընկերուհիներ,

Ստորագրեալս` Նարեկ Ճեմճեմեան, այս նամակով կ՛ուզեմ շատ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի եւ յատկապէս ԼՕԽ-ին, որովհետեւ այս տարի զիս ուղարկեցիք Յունաստան մասնակցելու համար ՀՕՄ-ի Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ միաւորին կազմակերպած ճամբարին:

21 օրերը երազային եւ անմոռանալի օրեր եղան ինծի համար: Լսած էի, որ ԼՕԽ-ի անդամները մեծ աշխատանք կը տանին մեր ժողովուրդին համար, սակայն չէի երեւակայեր այսքան հսկայ աշխատանք կը կատարէին:

Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Յունաստանի ճամբարը կազմակերպող ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն, որոնք ծնողի մը նման մեզ հիւրընկալեցին, կերակրեցին, կազմակերպեցին խաղեր, պտոյտներ Յունաստանի տարբեր տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական դասախօսութիւններ ներկայացուցին:

Իմ յիշողութեանս մէջ միշտ վառ պիտի մնան 9-29 յուլիս 2013 Յունաստանի ճամբարը, հոն ծանօթացած նոր ընկերներս, պատասխանատուները եւ ՀՕՄ-ականները:

Բոլորին վարձքը կատար:

Իսկ ձեզի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ընկերուհիներ, յատուկ շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ առիթին համար, զոր ինծի ընծայեցիք:

Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, իսկ ԼՕԽ-ին` յարատեւ յաջողութիւն եւ վերելք:

ՆԱՐԵԿ ՃԵՄՃԵՄԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )