ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Գործունէութիւն
Պատմական
2001-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը հայուհիին կարողականութիւնը զօրացնելու եւ անոր գործի կարելիութիւններ ստեղծելու մտադրութեամբ ձեռնարկեց ճաշ եփելու արուեստը սորվեցնող դպրոցի մը կազմակերպումին: Այդ նպատակով դիմում կատարեց «Էմ. Ի. Սի. Սի.»-ին` ներկայացնելով իր ծրագիրը, որ որդեգրուեցաւ, եւ կառոյցը տրամադրեց յատուկ պիւտճէ մը: ԼՕԽ-ը կազմակերպեց նախնական խոհանոց մը, հրաւիրեց խոհանոցային արուեստին տիրապետող ականաւոր, կամաւոր հայուհիներ եւ սկսաւ իր դասընթացքին: Տարիներու ընթացքին այս ձեռնարկը տուաւ 50-է աւելի վկայեալներ, որոնցմէ շատեր այսօր կը գործեն հաստատութիւններու թէ անհատական ձեռնարկութիւններու մէջ եւ կ՛ապահովեն անձնական որոշ եկամուտ մը:
Գործունէութեան Ընթացք
Ծրագիրը զարգացնելու եւ ԼՕԽ-ին եկամուտ մը ապահովելու մտադրութեամբ, դիմում կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպանատան, որ ըմբռնելով ծրագրին կարեւորութիւնը` յետ քննարկման ընդունեց յատուկ գումարով մը օժանդակել խոհանոցը ընդարձակելու համար:
Եկամուտի միջոցներու փնտռտուքի ընթացքին, 2005-ին Պերճ Կիւլպէնկեանի փափաքով եւ նիւթական ներդրումով, ի յիշատակ իր ծնողներուն, ստեղծուեցաւ 100 կարիքաւոր եւ միայնակ ծերերու շաբաթը մէկ օր ճաշ տրամադրելու ծրագիրը, որուն ամբողջական ծախսերը հոգաց բարերարը: Ծրագիրը սկսաւ փորձառական երեք ամսուան համար, շուտով վերածուեցաւ միամեայ ծրագրի եւ արդէն այժմ կը շարունակէ գործել 8 տարիներէ ի վեր, միշտ Պերճ Կիւլպէնկեանի բարերարութեամբ:
Չորս տարիներ առաջ, երբ ծերերու թիւը հասած էր 150-ի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հաւատալով ձեռնարկին` որոշեց 150 ծերերուն երկրորդ օր մը եւս ճաշ հրամցնել, ստանձնելով երկրորդ օրուան ծախսերուն ամբողջութիւնը:
Այսօր այդ ծրագրէն կ՛օգտուին շուրջ 190 պարագաներ. նախապէս ճշդուած անօգնական ծերերուն շարքին աւելցած են բազմանդամ եւ կարիքաւոր կամ հաշմանդամ ունեցող ընտանիքներ, որոնցմէ 15-ը արաբ քաղաքացիներ են, ըստ առաջին բարերարի սկզբնական խնդրանքին:
Խոհանոցի Տարածքի Ընդլայնում
Նկատի ունենալով ծրագրին անհամեմատ զարգացումն ու ընդլայնումը, կարիքը զգացուեցաւ նաեւ խոհանոցի ընդլայնումին: Այս ծրագրին իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերեց Վաչէ Տեկիրմենճեան` ստանձնելով խոհանոցին տարածքին եւ նոր սարքաւորումներուն ամբողջական ծախսերը, որուն համար ալ խոհանոցը կոչուեցաւ իր մօր` Վարդուհի Տեմկիրմենճեանի անունով:
Խոհանոցը կը գտնուի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի ամբողջ ներքնայարկին վրայ, իր սպասման սրահով, ուր շաբթուան երկու օրերուն մեզի այլեւս հարազատ դարձած ծերունիներն ու պարագաները կու գան, իրարու հետ կը զրուցեն, լուրեր կը փոխանակեն` սպասելով ճաշի պատրաստութեան, շատ անգամ ալ` առաջարկելով իրենց գործակցութիւնը:
Անձնակազմ
Ծրագիրը կը վայելէ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անմիջական հովանաւորութիւնը, որ յատուկ յանձնախումբով եւ իր ներկայացուցիչով մօտէն կը հետեւի գործունէութեան: Յանձնախումբը կը բաղկանայ 10 ընկերուհիներէ` բաժնուած երկու խմբակներու, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ գործերուն մասնակցութեամբ կ՛օժանդակեն ճաշերը պատրաստող 6 պաշտօնեաներուն` 3 պաշտօնեայ իւրաքանչիւր օրուան համար: Ճաշ պատրաստողներէն ոմանք «Ճաշ եփելու արուեստը» ծրագիրին հետեւած աւարտականներէն են:
Քաջալերանք
Ընկերային ծանր հարց մը որոշ չափով մեղմացնող այս ձեռնարկը, բացի նուիրատու բարերարէն եւ քաղաքապետութենէն, կը վայելէ գաղութին ամբողջական քաջալերանքն ու աջակցութիւնը: Տխուր թէ ուրախ առիթներով այս ծրագրին համար եղած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կը փաստեն այս իրողութիւնը, այլապէս անկարելի պիտի ըլլար 100 կամ 150 հոգիի համար եղած նիւթական ներդրումով հոգալ աւելի քան 190 պարագաները:
Մեր հայրենակիցները հաւատքով կը մօտենան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բոլոր ծրագիրներուն եւ նոյնքան կամ աւելի հաւատքով նիւթապէս կը մասնակցին անոնց:
Որքան յուզիչ է ամէն անգամ լսել մեր կարիքաւորներուն երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքերն ու օրհնութիւնները: Թող այդ բոլորէն բաժին երթայ մեր բարերարներուն ու բարեկամներուն եւ թող Աստուած անոնց պարգեւէ առողջութիւն, գործի յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն:
ԼՕԽ-Ի «ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՏԵԿԻՐՄԵՆՃԵԱՆ»
ԽՈՀԱՆՈՑԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

