ՀՕՄ . Խալքիտիքիի Օգտաշատ Բանակումը

Յուլիս 10-28 Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպած տարեկան ամառնային ճամբարը, որուն այս տարի կը մասնակցէին Յունաստանէն եւ Լիբանանէն հաւաքուած տղաք եւ աղջիկներ: Լաւ առիթ էր, որպէսզի պատանիները քով-քովի գան եւ ճանչնան սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութներէ եկած իրենց նման պարման-պարմանուհիներ: Ամէնօրեայ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ եւ խաղեր, հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ` գիշերային ընկերային կեանք: Պատանիները կ՛երգէին հայերէն երգեր, կը սորվէին հայկական պարեր եւ թատրոն: Տեղի ունեցան յաճախակի դասախօսութիւններ` հայկական տարբեր նիւթերու մասին եւ վերջին հանդէս մը, որուն ընթացքին պատանիները իրենց սորված պարերն ու երգերը ներկայացուցին իրենց ծնողներուն: ՀՕՄ-ի վարչութիւնն ու պատասխանատուները մեծ ճիգերով յաջողած են կեանքով լեցնել ամարանոցը, որուն համար գնահատելի է ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը իր առաքելութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )