ԼՕԽ. 26 Մասնաճիւղեր` Բեղուն Գործունէութիւն

 

 

 

 

 

 

 

Տասնեակ տարիներ առաջ Լիբանանի դալար ափերուն վրայ հիմը կը դրուի կնոջական բարեսիրական միութեան մը` ԼՕԽ-ին, որուն նպատակն էր օգնութեան հասնիլ ինքզինք կազմակերպելու սկսած մեր տառապած զաւակներուն:

ԼՕԽ-ը ստեղծուած է ժողովուրդին համար: Իր նպատակին ծառայելու համար կը գործէ ժողովրդային բոլոր խաւերուն հետ, ներկայութիւն է բոլոր թաղերուն մէջ. կը հասնի բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք պէտք ունին ընկերային եւ նիւթական օժանդակութեան, կը հասնի ծերունիին ու մանուկին, անկարին ու աղքատին. կը ծանօթանայ անոնց դժուարութիւններուն ու կը փորձէ առաւելագոյնը:

Մեկնելով այս սկզբունքէն ու հասնելու համար անխտիր բոլորին, ԼՕԽ-ը առաջին իսկ օրէն ծնունդ կու տայ մասնաճիւղերուն:

Լիբանանի տագնապալից օրերուն անոնց դերն ու պարտականութիւնը կ՛ըլլայ հասնիլ բոլոր անոնց, որոնք պէտք ունէին խաչուհիին գուրգուրանքին եւ օժանդակութեան:

1930-ի գարնան ԼՕԽ-ը կ՛ունենայ իր առաջին մասնաճիւղը: Ապա տարուէ տարի կազմաւորուող թաղամասերն ու անոնց պահանջները ծնունդ կու տան նոր մասնաճիւղերու: 1960-ին կազմակերպութիւնը կ՛ունենայ 14 մասնաճիւղեր, որոնք կը ճանչցուին իրենց աշխարհագրական վայրի անունով: 1980-ին անոնց թիւը կը հասնի 24-ի: Այսօր Լիբանանի ամբողջ տարածքին կը գործեն չորս հազար անդամուհիներով հարուստ 26 մասնաճիւղեր:

Լիբանանահայ գաղութի կազմութեան առաջին տարիներուն որոշ թիւով հայ ընտանիքներ կ՛ապրէին Սայտայի, Պաալպէքի, Համմանայի եւ Պիքֆայայի մէջ: Այդ շրջաններուն մէջ եւս անցեալին ԼՕԽ-ը ունեցած է իր մասնաճիւղերը: Սակայն հետագային տեղաշարժի պատճառով թիւը նօսրացած է հայ ընտանիքներու եւ ինքնաբերաբար մասնաճիւղերը դադրած են գործելէ:

1977 թուականէն սկսեալ իւրաքանչիւր մասնաճիւղ անուանուեցաւ պատմութեան մէջ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած հայուհիներու եւ հայրենական մեր երկրին կարգ մը քաղաքներու եւ պատմական վայրերու անուններով:

ԼՕԽ-ի անդամուհիներուն մեծագոյն արժանիքը նուիրումէն ետք անձնազոհ ծառայութիւնը եւ աշխատանքը, միութեան շահը սեփական շահերէն վեր դասելու առաքինութիւնն է:

Ի՞նչ կ՛ընեն այս մասնաճիւղերը:

 

 

 

 

 

 

 

ԼՕԽ-ը` ըլլալով բարեսիրական կազմակերպութիւն, ինքնին ժողովրդային անպաշտօն ԴՊՐՈՑ մըն է: Իրենց ընտանիքին հոգերով զբաղող մեր մայրերը եւ քոյրերը լծուած են աշխատանքի, զարգանալու եւ զարգացնելու. այս մէկը կ՛իրագործուի ժողովական, ժողովավարական, միջմասնաճիւղային հանդիպումներով, ատենագրութիւններ եւ տեղեկագիրներ պատրաստելով: ԼՕԽ-ականները կը վարեն ժողովներ, կ՛ապահովեն նիւթական, կը պահեն հաշիւները, կը գուրգուրան միութեան ինչքերուն, կը հաւաքեն արխիւներ պատմութեան համար:

Մասնաճիւղերը չունենալով եկամուտի մնայուն աղբիւրներ եւ հիմնադրամներ` կ՛ապաւինին միայն ժողովուրդին: Նկատի առնելով անմիջական պահանջները, կարելիութեանց սահմանին մէջ մասնաճիւղերը իրենց եկամուտին մեծ մասը կը տրամադրեն նպաստաբաշխումի, առողջապահական, անմիջական օժանդակութեան աշխատանքներուն: Իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ձեռք կ՛երկարեն հայ լեզուն սորվելու պատրաստ մանուկին, պատանիին, որպէսզի ոչ մէկ հայ մանուկ զրկուած մնայ հայ դպրոցէն եւ զարգանալու պատեհութենէն: Վերջին տարիներուն կարգ մը մասնաճիւղեր կրկնապատկեցին իրենց նիւթական յատկացումները, եւ աւելցուցին սան-սանուհիներու թիւը: Կարգ մը մասնաճիւղեր, Ամանորի առիթով նուէրներով եւ նիւթապէս կ՛օժանդակեն իրենց շրջանի վարժարաններուն:

Մասնաճիւղերուն համար «օժանդակութիւն» բառը ընկերային ծառայութիւն է: Նիւթական օժանդակութեան կողքին հայ ծերունիին, հայ հիւանդին ու հայ անձուկ հայրենակիցին կու տան բարոյական կորով: Կը քաջալերեն բոլորը, կը զգացնեն անոնց, թէ առանձին չեն, այլ` անբաժան մասնիկն են լիբանանահայ գաղութին:

Մասնաճիւղերը իրենց որդեգրեալ ծերերուն նիւթական օժանդակութեան կողքին կը հայթայթեն բժշկական խնամք եւ կը տրամադրեն անհրաժեշտ դեղորայք: Ամանորի առիթով կը տրամադրեն խորհրդանշական նուէրներ:

Ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակեն իրենց ներկայացող ընկերային բոլոր պարագաներուն` նիւթապէս թէ բարոյապէս:

Մասնաճիւղերը տարեկան աւանդութեամբ կ՛այցելեն եւ իրենց օժանդակութիւնը կը տրամադրեն գաղութիս մէջ գործող բարեսիրական հաստատութիւններուն` ՔԱՀԼ «Զուարթնոց», թերա ճ մանուկներու կեդրոն, «Թռչնոց բոյն», Ազգային բուժարան:

Անդամուհիներուն եւ համակիրներուն ընկերային առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելու համար կը կազմակերպեն դասախօսութիւններ, հանդիսութիւններ, գեղարուեստական, ձեռնարկներ, մայրերու օր, հայրերու օր, ամանորի խրախճանք, դաշտագնացութիւն եւ դասընթացքներ: Խաչուհիներու եւ շրջանի մէջ բնակող հայուհիներու միջեւ ստեղծելով ընկերային սերտ կապեր:

Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ԼՕԽ-ի օրուան հանգանակութեան, օրացոյցներու վաճառքի եւ ցրւումի աշխատանքները կը կատարուին մասնաճիւղերու անդամներուն կողմէ:

Տարիները կ՛անցնին բեղուն գործունէութեամբ:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը կ՛աճի թիւով ու գործունէութեան նոր ոլորտներով շնորհիւ ԼՕԽ-ի հաւատաւոր ընկերուհիներու հսկայական փաղանգին, որոնց վարձատրութիւնը հոգեկան անհուն գոհունակութիւն է ու փափաք` նոր յաջողութիւններու եւ իրագործումներու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )