Ժարամանայի Պայթումին Զոհ Գնաց Հայ Մը` Սարգիս Մերեսճեան
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երկար ստուգումներէ ետք, երեքշաբթի երեկոյեան Դամասկոսի արուարձաններէն Ժարամանա շրջանի Սիուֆ հրապարակին մօտ ականուած ինքնաշարժի պայթումին պատճառով յայտնուած քանի մը անյայտ դիակներու մասին ի յայտ եկաւ, որ զոհերուն շարքին է նաեւ հայ մը` 1966-ի ծնունդ Սարգիս Մերեսճեան, որ կը գտնուէր պայթումի վայրը` հրկիզուած փոխադրակառքին մէջ: Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի` Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
CATEGORIES Գաղութային