«Հարաւային Օսեթիոյ Պատերազմին Միջամտելու Որոշումը Ճիշդ Էր» Ըսաւ Մետվետեւ

Մետվետեւ` պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը վարած ատեն Հարաւային Օսեթիոյ պատերազմին միջամտելու եւ Վրաստանին խաղաղութիւն հաստատել ստիպելու համար գործողութիւն մը շղթայազերծելու որոշումը ճիշդ էր:

Մետվետեւ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ «Հարաւային Օսեթիան ու Աբխազիան ճանչնալու Ռուսիոյ որոշումը դիւրին չէր»` վստահեցնելով, որ «Ռուսիա ստիպուեցաւ այդ որոշումը որդեգրելու»:

Ռուսիոյ վարչապետը Վրաստանին կոչ ուղղեց` «քաջութիւն ցուցաբերելու եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ բանակցութեան սեղան նստելու` լուծելու համար պատերազմէն ետք կուտակուած հարցերը, ներառեալ` գաղթականներու եւ բռնի ուժ չօգտագործելու հարցերը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )