Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռումիէի բանտէն աւելի քան 15 արգելափակեալներու փախուստ տալու գործողութիւն մը կարելի եղած է բացայայտել. անոնք փախուստ պիտի տային գետնուղիէ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լիբանանեան պետականութեան վերջին խորհրդանիշն է: Ան կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, հակառակ անոր որ նման կառավարութեան մը կազմութիւնը իրենց հաշուոյն անարդար պիտի ըլլայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապալ Մըհսենի եւ Թըպպանէի ճակատները բռնկելու ենթակայ են, իսկ զոյգ շրջաններուն մէջ պատնէշները արդէն իսկ սկսած են ամրապնդուիլ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկեան աղբիւրներէ, նշեց, որ Լիբանանի տարածքին կը գտնուին ականներ, որոնք պատրաստ են պայթեցուելու:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայես յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ անվերջ չի կրնար սպասել կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ռամզի Քանժ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան միակ լուծումը Ազգային երկխօսութեան նիստի գումարումն է:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի յաւելեալ ամրապնդումի եւ բանակին ու Դիմադրութեան նկատմամբ յաւելեալ զօրակցութիւն ցուցաբերելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի միջեւ միացեալ որոշումի մը գոյութիւնը կարեւոր է:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը ապահովելու իմաստով ոչ մէկ հարց կայ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ղեկավարութիւններէն, յայտնեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր կառավարութիւն մը կազմել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ կան տուեալներ, թէ Սէուտական Արաբիա տակաւին համաձայն չէ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու:

«ՄԱՐԱՏԱ» հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ոչ մէկ հարց կայ», ըսաւ Մարատա հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի քառօրեայ անձնական այցելութեամբ մը մեկնած է Լիբանանէն:

 

Share this Article
CATEGORIES