Շարպել Նախագահեց Ապահովական Կեդրոնական Խորհուրդի Նիստին
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը:
Նիստէն ետք Շարպել յայտնեց, որ ապահովական կառոյցները պիտի շարունակեն Թրիփոլիի մէջ ապահովական իրենց միջոցառումները որդեգրել` հիւսիսային Լիբանանի մէջ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:
Շարպել նշեց, որ Թրիփոլիէն հասած ապահովական տեղեկագիրներուն ընդմէջէն կը պարզուի, որ Թրիփոլիի բնակչութեան 2 կամ 3 առ հարիւրը իրենց հակակշիռին տակ կը փորձեն առնել մնացեալ 98 առ հարիւրը:
Ան հաստատեց, որ այս իրականութիւնը խիստ մերժելի է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ շրջան կայ, որ Թրիփոլիի կացութեան մատնուած ըլլայ:
Շարպել շեշտեց, որ անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ Թրիփոլիի մէջ այդ կացութիւնը կը տիրէ:


