Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Զաայթեր Եւ Հժուլա Ընտանիքներուն Միջեւ Զինեալ Բախումները Կը Սաստկանան

Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Լայլաքի շրջանին մէջ նախորդ երկու օրերուն Զաայթեր եւ Հժուլա ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումները երէկ սաստկացան` առանց անսալու քաղաքական միջամտութիւններուն:

Բախումներուն պատճառով Զաայթեր ընտանիքի անդամներէն մէկը սպաննուեցաւ, իսկ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ Հատաթի Սենթ Թերեզ հիւանդանոցը:

Զաայթեր ընտանիքի անդամները հրկիզեցին Հժուլա ընտանիքին անդամներէն մէկուն ինքնաշարժը` Լայլաքիի մայրուղիին վրայ:

Բանակէն ջոկատ մը անմիջապէս ուղղուեցաւ դէպքին վայրը եւ շրջափակեց Լայլաքիի շրջանը, ուր զետեղեց անցարգել մը եւ կապեր հաստատեց Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի հետ` հակակշիռի տակ առնելու համար զինեալ բախումները:

Սուրիացիներ Կը Ձերբակալուին

Երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Հարաւային արուարձաններուն մէջ ձերբակալեց երկու սուրիացիներ, որոնք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էին Մաժտալ Այնճարի ահաբեկչական բջիջին հետ եւ ըստ երեւոյթին անոնք կը ծրագրէին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ ահաբեկչական արարք մը գործել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )