Քոնելլի Հրաժեշտի Այցելութիւններ Կու Տայ Միքաթիի Եւ Մանսուրի

Քոնելլի եւ Միքաթի

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի երէկ հրաժեշտի այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Մորա Քոնելլիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Քոնելլի շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է լիբանանցի քաղաքացիներուն դիմաց ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:

Քոնելլի բոլոր քաղաքական ուժերէն խնդրեց յանձնառու մնալ «Պաապտայի յայտարարութեան»` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը Լիբանանը վտանգի կ՛ենթարկէ:

Քոնելլի ուղղուեցաւ նաեւ Այն Թինէ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քոնելլի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Մուսայթպէի մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ Քոնելլի երէկ առաւօտեան այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Պուսթրոս պալատէն մեկնումի պահուն Քոնելլի մերժեց յայտարարութիւն կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES