Ֆիթրի Տօնին Առիթով Միքաթի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս իսլամ համայնքը` մաղթելով, որ Լիբանան բարգաւաճի եւ լիբանանցիները խաղաղ ու ապահով ըլլան:
Միքաթի երեկոյեան մեկնեցաւ Նիս:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլայէն մեծ զոհողութիւններ պահանջուած են` «Պաապտայի յայտարարութեան» վերադառնալու առումով:
Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ կառավարութեան կազմութիւնը:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը: Քննարկուեցան լիբանանեան պետութեան եւ բանակին ներկայացուած օժանդակութիւնները:
Ֆլեչըր հաստատեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը:


