Պըրրի. «Կառավարութեան Մը Կազմութեամբ Լաւատես Չեմ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին Այն Թինէ ժամանած երեսփոխաններուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք որոշած է շարժակները մարած պահել` աւելցնելով, որ ինք երբեք լաւատես չէ կառավարութեան մը կազմութեամբ:
Պըրրի հաստատեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հարստութեան հարցին շուրջ պէտք է համախոհութիւն գոյացնել` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իրենց համաձայնութիւնը հաստատ է:
Միւս կողմէ, Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, որ իր եւ ամերիկացի ժողովուրդին անունով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն:


