Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Կարելիութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ Ալի Հասան Խալիլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս ապահովական միջադէպերէն ետք վիրաւորները բուժելու եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն առողջական կարիքները հոգալու մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին անկախ անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Տորի Շամուն, նախկին երեսփոխաններ Քեմիլ Զիատէ եւ Ժաուատ Պուլոս, ինչպէս նաեւ Անթուան Հատտատ եւ Միշել Մուաուատ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին ներկաները դրուատեցին նախագահ Սլէյմանի կեցուածքները եւ անոր ի գործ դրած ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Էլի Մարունի, որ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ կառավարական իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի հիմնումին 68-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին հրաւէրը:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ նախագահ Սլէյման կը պնդէ, որ Հըզպալլա մաս կազմէ յաջորդ կառավարութեան եւ այդ կեցուածքը ան փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, նախագահ Սլէյման շեշտած է, որ Հըզպալլայի եւ իր միջեւ թշնամութիւն չկայ:

Share this Article
CATEGORIES